image

Պէյրութի մեծագոյն պատուհասը օդի ապականութիւնն է

Պէյրութի մեծագոյն պատուհասը օդի ապականութիւնն է

Լիբանանեան «Ալ-Նահար» պարբերականը այսօր հանգամանալից ձեւով անդրադարձած է Պէյրութի մէջ վերջին շրջանին հրատապ դարձող խնդրի մը՝ օդի ապականութեան հարցին։

Աղբիւրը նաեւ կը նշէ, որ լիբանանցիներու կարեւոր մէկ տոկոսը քաղցկեղ հիւանդութեամբ կը տառապի եւ անոր պատճառը մայրաքաղաք Պէյրութի օդի ապականութիւնն է։

Ըստ «Ալ-Նահար» պարբերականի լրագրողներուն, որոնք վերջին շաբաթներուն կարեւոր ճիգեր գործադրած են, այս թեմային վերաբերեալ ուշագրաւ նիւթ մը պատրաստելու համար, Պէյրութի մէջ օդի ապականման գլխաւոր աղբիւրը ելեկտրական շարժակներն են, որոնք կու գան փոխարինել պետական ելեկտրականութիւնը։

Յիշեցնենք, որ երկար տարիներէ ի վեր Պէյրութի բնակիչները ստիպուած կ'ըլլան անկախ ձեռներեցներու կողմէ տեղադրուած ելեկտրական շարժակներու միջոցաւ ելեկտրականութիւն գնել, բան մը, որ պատճառ կը դառնայ յաւելեալ օդի ապականութեան։

Աղբիւրը նաեւ կը նշէ, որ Լիբանանի մէջ մեծ տոկոսներու կը հասնի այն կանանց թիւը, որոնք կը տառապին կրծքաքաղցկեղէ։