image

Հերթը հասաւ սուրճին. Պէյրութի մէջ քաղաքացիներ հերթի կանգնած են սուրճ գնելու համար

Հերթը հասաւ սուրճին. Պէյրութի  մէջ քաղաքացիներ հերթի կանգնած են սուրճ գնելու համար

Երկրին մէջ առկայ տնտեսական ծանր վիճակին հետեւանքով սուրճը  սկսած է վաճառուիլ անհաւատալի սակագինով։

 Այս  մասին «Արեւելք»  տեղեկացաւ լիբանանեան աղբիւրներէ։

Հաղորդուած լուրերուն համաձայն մէկ քիլոկրամ սուրճը սկսած է վաճառուիլ մինչեւ 120 հազար լիբանանեան  ոսկիի, այն պատճառով, որ մինչեւ այս պահը պետական մարմիններու նեցուկը ունեցող  ապրանքատեսակը զրկուած է նիւթական այդ նեցուկէն եւ սկսած է վաճառուիլ  բաւականին  թանկ, երկրին մէջ ամն տոլարի սակագինին մեծ աճին հետեւանքով։

Նշենք, որ այս բոլորին գլխաւոր պատճառը ամերիկեան տոլարին բարձրացումն է եւ մինչ երկու տարի առաջ Լիբանանի  մէջ մէկ ամն տոլարը կ՚արժէր 1500 լիբանանեան թղթոսկի, այսօր այն կը վաճառուի 15  հազար լիբանանեան թղթոսկիի։