Պէյրութի մէջ այսօր հանդիսաւոր կերպով պիտի նշուի Պոլսոյ «Ժամանակ» օրաթերթի հիմնադրման 110 Ամեակը: Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ ձեռնարկի կազմակերպիչ Հայկազեան համալսարանէն:
Կը նշուի նաեւ, որ այս առիթով Պոլիսէն Պէյրութ ժամանած է թերթի խմբագիր Արա Գոչունեան, որ ձեռնարկին ելոյթ ունենալով հանգամանաւոր կերպով պիտի անդրադառնայ թերթի ծաւալած գործունէութեան, ինչպէս նաեւ պիտի խօսի պոլսահայ համայնքի մասին:
Կը տեղեկանանք նոյնպէս, որ այսօր Հայկազեան համալսարրանին մէջ տեղի ունեցած ձեռնարկի ընթացքին ողջոյնի խօսքերով հանդէս պիտի գան համալսարանի Նախագահ Վեր. Դոկտ. Փօլ Հայտօսթեան ու համալսարանի դասախօսներէն ՝Դոկտ. Անդրանիկ Տաքեսեան: