image
Հրատապ լուրեր:

Պէյրութի մէջ պիտի նշուի «Ժամանակ» օրաթերթի 110 ամեակը. Ներկայ պիտի ըլլայ նաեւ խմբագիր Արա Գոչունեան

Պէյրութի մէջ պիտի նշուի «Ժամանակ» օրաթերթի 110 ամեակը. Ներկայ պիտի ըլլայ նաեւ խմբագիր Արա Գոչունեան

Պէյրութի մէջ այսօր հանդիսաւոր կերպով պիտի նշուի Պոլսոյ «Ժամանակ» օրաթերթի հիմնադրման 110 Ամեակը: Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ ձեռնարկի կազմակերպիչ Հայկազեան համալսարանէն:

Կը նշուի նաեւ, որ այս առիթով Պոլիսէն Պէյրութ ժամանած է թերթի խմբագիր Արա Գոչունեան, որ ձեռնարկին ելոյթ ունենալով հանգամանաւոր կերպով պիտի անդրադառնայ թերթի ծաւալած գործունէութեան, ինչպէս նաեւ պիտի խօսի պոլսահայ համայնքի մասին:

Կը տեղեկանանք նոյնպէս, որ այսօր Հայկազեան համալսարրանին մէջ տեղի ունեցած ձեռնարկի ընթացքին ողջոյնի խօսքերով հանդէս պիտի գան համալսարանի Նախագահ Վեր. Դոկտ. Փօլ Հայտօսթեան ու համալսարանի դասախօսներէն ՝Դոկտ. Անդրանիկ Տաքեսեան: