Բողոքի ցոյցի ելած ցուցարարները կարողացան իրենց կամքը պարտադրել եւ նախատեսուած նիստը տապալել։
Այս մասին լրատւութիւնը կատարեց լիբանանեան VDL կայանը։
Աղբիւրը նաեւ նշեց, որ նիստը տապալած է ցուցարարներուն ճնշումներուն եւ դէպի խորհրդարան տանող ճանապարհները փակելուն հետեւանքով։
Կը նշուի, որ այսօր նախատեսուած նիստը օրէնսդրական նիստ էր եւ նոր նիստի գումարման նոր թուականը ցարդ չէ ճշդուած։