Լիբանանեան LBCI կայանի փոխանցմամբ, յառաջիկայ ամիսներուն կեդրոնական Պէյրութի մէջ դարձեալ աղբի տագնապ կրնայ յառաջանալ:
Այս մասին աղբիւրը յայտնած է երէկ, նշելով նաեւ, որ յատկապէս Պուրճ Համուտի աղբանոցին մէջ աղբի ծաւալներու մեծացման եւ աղբ ընդունելու յաւելեալ կարողութիւններու բացակայութեան պատճառով մայրաքաղաք Պէյրութի մէջ դարձեալ կրնայ երեւելի դառնալ աղբի տագնապը:
Աղբիւրը նաեւ նշած է, որ անցնող օրերուն պարզ դարձած է, որ Պէյրութի աղբավայրի մէջ դարձեալ մեծ քանակութեամբ աղբ կուտակուած է եւ տարածուած է գարշահոտութիւն, ինչը պատճառ դարձած է, որ շրջանի բնակիչները իրենց բողոքի ձայնը բարձրացնեն: