image

Պէյրութի մէջ բողոքի մեծ ցոյց կը սպասուի. Հրաւիրողը «Հըզպալլա»ն է

Պէյրութի մէջ   բողոքի մեծ ցոյց  կը սպասուի.  Հրաւիրողը «Հըզպալլա»ն է

Երուսաղէմի  շուրջ   տեղի ունեցած   դէպքերէն  ետք    լիբանանեան  «Հըզպալլա»  կազմակերպութեան առաջնորդ  Սէյիտ  Հասան Նասրալլա      պատկերասփռուած   խօսք   մը արտասանելով     եւ հակազդելով ԱՄՆ նախագահ  Տանըլտ  Թրամբի     Երուսաղէմը, որպէս Իսրայէլի մայրաքաղաք  ճանչնալու     որոշումին     կոչ ուղղեց բոլոր արաբներու  դէմ  կանգնիլ  այս  գործընթացին:

 Նասրալլա նաեւ ըսաւ, որ  Արաբական  Լիկան   արագօրէն  արտակարգ նիստ մը պէտք է   գումարէ եւ   բոլոր արաբական տէրութիւնները  պէտք     է  հրաժարաին  Իսրայէլի հետ բանակցութիւններէ կամ  բնականոնացման որեւէ ընթացքէ:

 Ան նաեւ կոչ ըրած է     այն    արաբական երկիրներուն, ուր կը գործեն  իսրայէլացի  դեսպաններ ու  դիւանգէտներ արագօր վտարել զիրենք ու  տուն կանչեն  Իսրայէլի մէջ  գործող նոյն երկիրներուն դիւագիտական  կազմերը:

 

 Նասրալլա     մեծ «Ինթիֆատա» (այսպէս  անուանուած է       պաղեստինցիներու կողմէ եղած     յայտնի  «քարերու  յեղափոխութիւն»ը) մը  կատարելու կոչ ուղղելով      իր բոլոր համախոհներուն կոչ  ըրած է  խիտ շարքերով մասնակցիլ  յառաջիկայ երկուշաբթի օր  Պէյրութի «Տահիյէ»  (հարաւային արուարձանը, որ   յայտնի է, որպէս «Հըզպալլա»ի կեդրոն-  շրջան)  շրջանին  մէջ  Երուսաղէմի  համար տեղի ունենալիք  բողոքի մեծ հաւաքին: