«Մոսատը... Լիբանանն ու Արեւմտեան Ափը մէկ դաշտ են» խորագրով յօդուած լոյս տեսած է «Ալ Ճումհուրիէ» թերթին մէջ, ուր հեղինակ Նասէր Շարարա նշած է, որ երբ «Համաս»ի ղեկավարներէն Մուհամմատ Համտան մահափորձի ենթարկուեցաւ, Լիբանանի մէջ իսրայէլեան Մոսատի հետապնդմամբ զբաղող մարմիններն անմիջապէս յայտարարեցին, թէ մահափորձի ետին Մոսատ կանգնած է:
Մեղադրանքի հիմքն այն էր, որ «Համաս» նախորդ տարուան վերջերը յայտարարած էր, թէ ըստ իր կողմէ ձեռք բերուած տուեալներուն, Մոսատին հրահանգուած է Լիբանանի մէջ յառաջիկայ շրջանին թիրախաւորման ու հետախուզման գործողութիւններ իրականացնել:
Նման զգուշացման հեղինակներն տարածաշրջանի այն երկիրներն էին, որոնք տեղեկութիւններ ստացած էին տարածաշրջանին մէջ Մոսատի աշխուժացման մասին, բան մը, որ հարցադրում առաջացուցած է, թէ Լիբանանը մշտապէս որպէս թիրախ ունեցող Մոսատը ինչո՞ւ որոշեց ճիշդ այս շրջանին աշխուժացնել իր գործողութիւններն այդ երկրին մէջ ու խախտեց անոր անվտանգութիւնը:
Ի պատասխան նշուած հարցադրման, որոշ իրազեկուած աղբիւրներ տեղի ունեցածը բացատրած են անով, որ Իսրայէլի կարծիքով Լիբանանի մէջ ներկայիս իրավիճակի էական զարգացում տեղի կ'ունենայ, որուն պատճառով ալ Իսրայէլ որոշեց աւելի աշխոյժ կերպով հետեւիլ երկրի ներքին իրավիճակի զարգացումներուն, ինչպէս նաեւ աւելցնել թիրախաւորման գործողութունները: