Այսօր Զուիցերական Պեռն քաղաքին մէջ կայացաւ ՀՀ նախագահ Սերժ Սարգսեանի եւ Իլհամ Ալիեւի միջեւ հանդիպումը: Նշենք, որ Պեռնի «Լանդգութ Լոհն» կառավարական շէնքին մէջ կայացած հանդիպումը եղած է դռնփակ: Յայտնենք, որ տեսակցութեան աւարտին երկու նախագահներու հանդիպման մասնակից դարձան ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խումբի համանախագահները գլխաւորութեամբ Անճէյ Գասբրչիքի: