Russia Today-ի համաձայն ֆրանսացի մտաւորական Պերնար Անրի Լեւին, երկուշաբթի օր երեւցած է Քիւրտիստանի մէջ կայացած հանրաքուէի ժամանակ:
«Արաբական յեղափոխութիւններու կնքահայր» անունով յայտնի Լեւիի այնտեղ գտնուիլը շատ մը հարցականներ առաջացուցած է, նկատի ունենալով «արաբական գարուն» ապրած շարք մը երկիրներու մէջ իր ունեցած դերին մասին եղած տարաձայնութիւնները: Աղբիւրը չէ յաջողուած պարզել տեսանիւթի թուականը:
Նշենք, որ ֆրանսացի անուանի մտաւորականներ, ինչպիսին են Ժիւլ Տըլուզ, Տէրիտա, Փիէռ Վիտալ Նաքիյէ եւ ուրիշներ Լեւին անուանած են «Մշակութային խաբէութիւն» մը, ինչպէս նաեւ փիլիսոփայ Քոռնելիոս Քասթորիատիս զինք կոչած է «Դատարկութեան իշխան»: