image

Պերնար Լեւի երեւցած է Քիւրտիստանի մէջ. Ո՞վ է ան

Պերնար Լեւի երեւցած է Քիւրտիստանի մէջ. Ո՞վ  է ան

Russia Today-ի համաձայն ֆրանսացի մտաւորական Պերնար Անրի Լեւին, երկուշաբթի օր երեւցած է Քիւրտիստանի մէջ կայացած հանրաքուէի ժամանակ:  

«Արաբական յեղափոխութիւններու կնքահայր» անունով յայտնի Լեւիի այնտեղ գտնուիլը շատ մը հարցականներ առաջացուցած է, նկատի ունենալով «արաբական գարուն» ապրած շարք մը երկիրներու մէջ իր ունեցած դերին  մասին եղած տարաձայնութիւնները: Աղբիւրը   չէ յաջողուած պարզել տեսանիւթի թուականը:

Նշենք, որ ֆրանսացի անուանի մտաւորականներ, ինչպիսին են Ժիւլ Տըլուզ, Տէրիտա, Փիէռ Վիտալ Նաքիյէ  եւ ուրիշներ Լեւին անուանած են «Մշակութային խաբէութիւն» մը, ինչպէս նաեւ փիլիսոփայ Քոռնելիոս Քասթորիատիս  զինք կոչած է  «Դատարկութեան իշխան»: