image
Հրատապ լուրեր:

Պատրիարքարանը շուտով «Նախաձեռնարկ մարմին» պիտի ընտրէ

Պատրիարքարանը շուտով «Նախաձեռնարկ մարմին» պիտի  ընտրէ

17 Յուլիսին ժողով տեղի պիտի ունենայ Պոլսոյ հայոց պատրիարքարանին մէջ, Պոլսոյ հայոց պատրիարքի ընտրութեան աշխատանքները կազմակերպելու նպատակով  նախաձեռնող խումբ մը ստեղծելու համար:

Ինչպէս կը տեղեկացնէ «Ակօս»–ը, Պոլսոյ հայոց պատրիարքարանը նոր պատրիարքի ընտրութիւնը կազմակերպելու  նպատակով նախաձեռնող խումբի մը ստեղծման համար հրաւիրած է բոլոր շահագրգիռ կողմերը։ Պատրիարքարանի տարածած յայտարարութեան մէջ նշուած է, որ 4 յուլիսին, Պոլսոյ հայոց պատրիարքական տեղապահ ընտրուելուն հետ զուգահեռ սկսած է նոր պատրիարքի ընտրութեան կազմակերպման գործընթացը, որուն համար արդէն 17 յուլիսին ժողով տեղի պիտի ունենայ պատրիարքարանէն ներս: