Պաշտօնական դիրքը չարաշահելու յանցանքով, երէկ Երեւանի մէջ ձերբակալուած են ՀՀ առողջապահութեան նախարարութեան պետական առողջապահութեան գործակալութեան պետ Սարօ Ծատուրեանը, Երեւանի քաղաքային կեդրոնի պետ Արսէն Սեդրակեանը, գործակալութեան բժշկական ծառայութիւններու գնման եւ տեղեկատուական բաժինի նախկին պետ Սամուէլ Խարազեանը: Նշեալ անձերու հասցէին քննուող քրէական գործի նախաքննութիւնը իրականացուցած է ՀՀ Քննչական կոմիտէի «Յատկապէս կարեւոր գործերու» քննութեան գլխաւոր վարչութիւնը: Այս մասին կը տեղեկացնէ Հայաստանի քննչական կոմիտէի տեղեկատուութեան եւ հասարակութեան հետ կապերու բաժինէն:
Հայաստանի քննչական կոմիտէի «Յատկապէս կարեւոր գործերու» քննութեան գլխաւոր վարչութեան նախաքննութեան մէջ կը շարունակուին Հայաստանի առողջապահութեան նախարարութեան աշխատակիցներու կողմէ 2012-2014-ին առողջարանային կեղծ ուղեգիրներ պատրաստելու եւ իրացնելու դէպքին առիթով յարուցուած քրէական գործի նախաքննութիւնը: