Արցախի նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանը մասնակցած է ՊԲ հրամանատարական հաւաքներու ամփոփիչ խորհրդակցութեան: Այս մասին ան գրած է իր ֆեյսպուքեան էջին եւ ներկայացուցած բարձրաստիճան սպայական անձնակազմին ուղղուած իր ելոյթէն քանի մը շեշտադրումներ։
Թէ՛ արդի սպառազինութեան եւ ռազմական սարքերու ձեռքբերումը, թէ՛ ճարտարապետական նոր կառոյցներու ստեղծումը պաշտպանութեան գօտիի ամբողջ խորութեամբ, թէ՛ սպայական անձնակազմի ընկերային խնդիրներու լուծումը մշտապէս պիտի կրեն շարունակական բնոյթ՝ գտնուելով Հանրապետութեան իշխանութիւններու եւ ողջ ժողովուրդի յատուկ ուշադրութեան կեդրոնը: Հայ զինուորականը պէտք է ապահովուած ըլլայ բոլոր անհրաժեշտ պայմաններով թէ՛ Հայրենիքի պաշտպանութեան եւ թէ՛ սեփական ընտանիքի կարիքները հոգալու համար:
Մեր բանակը եղած է, կայ եւ պիտի ըլլայ հզօր ու մարտունակ՝ միշտ պատրաստ պաշտպանելու հայրենի երկրի սահմանները, հարազատ ժողովուրդի անվտանգութիւնն ու բարօրութիւնը: Սա ազգային օրակարգի հարց է, եւ, համատեղելով համայն հայութեան ջանքերն ու ներուժը, մենք պիտի ընենք առաւելագոյնը այն յաջողութեամբ լուծելու համար»: