Պաքուի վերաքննիչ դատարանին մէջ աւարտած է Արցախի ռազմաքաղաքական ղեկավարներու եւ միւս հայ գերիներու նկատմամբ կայացուած շինծու դատավճիռներու դէմ ներկայացուած վերաքննիչ բողոքներու քննութիւնը։ Այս մասին յայտնած են ատրպէյճանական լրատուամիջոցները։
Յուլիս 31-ին կայացած նիստին շարունակուած են հայ գերիներու եւ անոնց պաշտպաններու ելոյթները։ Արցախի նախկին նախագահ Բակօ Սահակեանը դատարանէն խնդրած է բեկանել առաջին ատեանի դատարանի դատավճիռը եւ արդարացնել զինք։
Պատասխան խօսքով հանդէս եկած են նաեւ Արկադի Ղուկասեանը, Լեւոն Մնացականեանը, Դաւիթ Մանուկեանը, Դաւիթ Իշխանեանը, Դաւիթ Բաբայեանը, Վասիլ Բեգլարեանը, Մադաթ Բաբայեանը, Գուրգէն Ստեփանեանը, Մելիքսեթ Փաշայեանը, Գարիկ Մարտիրոսեանը, Դաւիթ Ալավերդեանը, Լեւոն Բալայեանը եւ Էրիկ Ղազարեանը, ինչպէս նաեւ անոնցմէ մի քանիին պաշտպանները։ Անոնք ներկայացուցած են իրենց փաստարկները՝ յայտարարելով, որ իրենց մեղաւոր չեն ճանչնար առաջադրուած մեղադրանքներով, իսկ պաշտպանները դատարանէն պահանջած են բեկանել առաջին ատեանի դատավճիռներն ու արդարացնել իրենց պաշտպանեալները։
Այնուհետեւ ելոյթ ունեցած են, այսպէս կոչուած, տուժողներու ներկայացուցիչներն ու դատախազները՝ պնդելով, թէ առաջին ատեանի դատարանի դատավճիռը օրինական եւ հիմնաւորուած է։
Նիստի աւարտին նախագահող դատաւոր Էլմար Ռահիմովը յայտարարած է վերաքննիչ բողոքներու քննութեան աւարտի մասին, որմէ ետք դատաւորներու խումբը հեռացած է խորհրդակցական սենեակ՝ որոշում կայացնելու համար։