Իրաքեան տեղական լրատուամիջոցները փոխանցած են, որ Իրաքի կառավարութեան ռազմական պատուիրակութեան ու Քիւրտիստանի միջեւ բանակցութիւնները կը շարունակուին, շեշտելով, որ «կողմերը մօտ են վերջնական համաձայնութեան յանգելէ»:
Ըստ «Ռուուտաու» լրատուական ցանցին, 30 հոկտեմբերին կայացած է Իրաքի կառավարութեան ռազմական պատուիրակութեան ու Քիւրտիստանի երրորդ նիստը՝ ամերիկեան հովանաւորութեամբ:
Աղբիւրին փոխանցմամբ, թէեւ կողմերը տակաւին վերջնական համաձայնութեան չեն եկած, սակայն ունին բաւական ընդհանուր կարծիքներ, որոնք կրնան յանգեցնել վերջնական համաձայնութեան:
«Ինչ կը վերաբերի Ֆիշխապուրի սահմանային անցակէտին, կողմերը համաձայնութեան եկան, որ այնտեղ տարածուին սահմանապահ զօրքեր, Պաշմարքայի զինեալներ եւ ամերիկեան ուժեր»,- կը հաղորդէ աղբիւրը:
Անդրադառնալով Քիւրտիստանի սահմաններէն դուրս գտնուող իրաքեան այն տարածքներուն, ուր տակաւին Պաշմարքայի զօրքեր ան, աղբիւրին փոխանցմամբ, կողմերն առաջարկած են այդ շրջաններուն մէջ տարածել Պաշմարքայի եւ իրաքեան համատեղ զօրքեր, սակայն այդ առումով տակաւին վերջնական որոշում չէ կայացած: