Երէկ երեկոյեան Օքսֆորտի համալսարանի Pembroke քոլեճին մէջ իր աշխատանքը սկսաւ «Արեւմտահայերէնը 21-րդ դարուն» խորագիրը կրող համաժողով-աշխատանոցը, որ կազմակերպուած է «Գալուստ Կիւլպէնկեան» Հիմնարկի Հայկական Բաժանմունքի տնօրէնութեան կողմէ: Կատարելով բացումը եւ ողջունելով հիւրերուն՝ համաժողովի կազմակերպիչներէն Օքսֆորտ համալսարանի Արեւելագիտութեան ֆաքիւլթէէն Տքթ. Հրաչ Չիլինկիրեան խօսեցաւ համաժողովի հրաւիրման դրդապատճառներու եւ նպատակներու մասին՝ նշելով, որ առաջին անգամն է՝ Եւրոպայի մէջ նման նիւթով մը համաժողով կը կազմակերպուի եւ մաղթեց, որպէսզի ան ըլլայ շարունակական:
Թէօ ֆան Լինտ ներկայացուց օրուայ միակ բանախօսը՝ Ժընեւի համալսարանի Հայագիտութեան ամպիոնի վարիչ եւ Միջերկրական, Սլաւոնական եւ Արեւելեան լեզուներու եւ Քաղաքակրթութեանց Բաժանմունքի դասախօս Վալենթինա Քալցոլարին, որ խօսեցաւ արդի հայերէնի խնդիրներուն մասին: Քալցոհարի իր հետ բերած էր հայ մեծ հայագէտ Արսէն Այտընեանի (1825 - 1902) «Քննական Քերականութիւն Աշխարհաբարի կամ Արդի հայերէն լեզուի» գիրքին բնօրինակը, ինչպէս նաեւ օրինակներով խօսեցաւ հայերէնին վերաբերող ներկայ ու անցեալ կարգ մը հարցերու մասին: Վալենթինա Քալցոլարի աշխարհաբար հայերէնի որոշ հարցեր քննարկեց նաեւ Մարկ Նշանեանի մէկ ուսումնասիրութեան հիման վրայ: Իր անգլերէն լեզուով դասախօսութեան ընթացքին Ժընեւի համալսարանի դասախօսը հայերէնով կարդաց նաեւ Զարեհ Խրախունիի մէկ բանաստեղծութիւնը, իբրեւ արդի հայերէնով գրուած գրական գործ: Այնուհետեւ Վալենթինա Քալցոհարի պատասխանեց ներկաներու հարցումներուն:
Այսօր Օքսֆորտի նոյն քոլեճէին մէջ համաժողովը կը շարունակէ իր աշխատանքը:
Այսօրուայ ծրագրին մէջ ներառուած են հետեւեալ նիւթերը՝
-Արեւմտահայերէնի ներկայ «աշխարհագրութիւնը». աշխարհաքաղաքական տագնապներու հետեւանքները եւ տնտեսական ընկերային մաքառումներու ազդեցութիւնը արեւմտահայերէն մշակոյթին ներկային ու յառաջիկայ տասնամեակներուն վրայխ:
-Սփիւռքի մէջ արեւմտահայերէնով մտածելու եւ ստեղծագործելու խնդիրներն ու մարտահրաւէրները՝ գրողին, ընթերցողին համար:
-Ինչպիսի՞ կառոյցներ, հաստատութիւններ եւ միջոցներ պէտք են գալիք տասը, քսան, երեսուն տարուան ընթացքին արեւմտահայերէնը կենսունակ պահելու համար:
