Մինչ յեղափոխական շարժումը խաղաղութեան փուլ մը մտած է, անդին Լիբանանի նորակազմ կառավարութեան մօտիկ աղբիւրներ կը հաղորդեն, որ կառավարութիւնը , որ կը պատրաստուի երկրի խորհրդարանէն վստահութեան քուէն առնել կարեւոր քայլերու պիտի դիմէ ոտքի պահելու համար Լիբանանի վտանգուած տնտեսութիւնը։
Այս ծիրին մէջ ալ խօսակցութիւններ շրջան կ՚ընեն, որ կառավարութիւնը, որպէսզի կարողանայ դրական քայլերու երթալ յաւելումներ պիտի դնէ TVA-ի տուրքին ու նաեւ պէնզինի սակագինին վրայ։
Այս առումով ալ եւ ըստ VDL կայանին Պէնզինի թիթեղին վրայ (20 լիթր) որպէս յաւելում պիտի դրուի 5000 լիբանանեան թղթոսկի, իսկ TVA -ի տուրք պիտի դառնայ 15 առ հարիւր։
Այս բոլորէն բացի կան նաեւ այլ կարգադրութիւններ, որոնց մասին ցարդ տեղեկութիւններ չեն հաղորդուիր. Խնդիրն այն է, որ արդեօք քաղաքացիները հեշտութեամբ պիտի մարսեն իրենց վրայ դրուող այս տուրքերը, յատկապէս որ հասարակութեան մեծ տոկոսին գումարային աւանդները կը շարունակեն մնալ «դրամատնային կալանք»ի տակ։