image
Հրատապ լուրեր:

Նոր անուն յայտնուած է Թուրքիոյ մէջ ռուս դեսպան Անտրէյ Քարլովի սպաննութեան գործով

Նոր անուն յայտնուած է Թուրքիոյ մէջ ռուս դեսպան Անտրէյ Քարլովի սպաննութեան գործով

Թուրքիոյ մէջ ՌԴ դեսպան Անտրէյ Քարլովի սպանութեան գործով Եկատերինա անունով 33-ամեայ ռուս կին մը ձերբակալուած է, կը գրէ թրքական «haberiyakala» կայքը, նշելով, որ նոյեմբեր 2016թ.-ին ռուս կինը հեռախօսային կապ ունեցած է Քարլովին սպանած թուրք ոստիկան Մեւլութ Մերթ Ալթընթաշի հետ:

Աղբիւրի համաձայն, Եկատերինա կը մեղադրուի նաեւ թրաֆիքինկի մէջ, Ռուսաստանէն Թուրքիա հասած ռուս աղջիկներուն մարմնավաճառութեան գործի մղելով:

Ձերբակալուած կինը հարցաքննութեան ժամանակ ըսած է, որ Ալթընթաշի հետ իր կապը միայն WhatsApp-ի միջոցաւ եղած է, սակայն բացայայտուած է, որ վերջինս 21-23 նոյեմբերին Ալթընթաշի հետ հեռախօսազրոյց ունեցած է: