Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողոկոսը այսօր հարցազրոյց մը պիտի տայ լիբանանեան «Օ. Թի. Վի.» կայանին: Այս մասին տեղեկութիւնը տրուած է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսարանի կայքէջը:
Նշենք, որ ամենամեայ բնոյթ կրող այս հարցազրոյցին ընթացքին Վեհափառ Հայրապետը պիտի ներկայացնէ 2018 տարուան հայութեան եւ մասնաւորապէս Կիլիկեան Աթոռի հիմնական օրակարգերը:
Հարցազրոյցը օնլայն դիտելու համար (Պէյրութի ժամանակով ՝ ժամը 16:30) կարելի է սեղմել ՝ այստեղ: