image

Նիւ Եորքի Իսրայէլի հիւպատոսարանը փակուած.Պատճառնե՞րը

Նիւ Եորքի  Իսրայէլի հիւպատոսարանը փակուած.Պատճառնե՞րը

Ուրբաթ գիշեր փակուած է  Նիւ Եորքի Իսրայէլի հիւպատոսութիւնը, այնտեղ գտնուած կասկածելի ծրարի մը պատճառով: Այսմասին կը հաղորդէ Իսրայէլի պետական կայանը, նշելով, որ հիւպատոսութիւնը «առաւօտեան ծրար մը ստացած է, որ պարունակած է սպիտակ նիւթ մը եւ Իսրայէլի վարչապետ Բենիամին Նաթանիահուին թիրախ թիրախ դարձնելու սպառնալիք»:

 Իսրայէլեան  կայանը անանուն աղբիւրէ լուրը մէջբերելով, նշած է, որ հիւպատոսութիւնը փակած է իր դռները, եւ հրահանգուած է աշխատակիցներուն հիւպատոսարանէն դուրս չգալ: Մինչ իրաւասու մարմինները սկսած են հետազօտել «կասկածելի նիւթը» եւ հիւպատոսարանի ու անոր շրջակայ  տարածքէն ներս հետազննական
գործողութիւններ  կատարել:

 

Նշենք, որ Նիւ Եորք այս օրերուն կը հիւրընկալէ ՄԱԿ-ի տարեկան  նստաշրջանը   եւ կ'ակնկալուի, որ այդ ծիրէն ներս քաղաքական քննարկումներուն ներկայ գտնուին  շարք մը պետութիւններու նախագահներ եւ կառավարական բարձրաստիճան պաշտօնեաներ: