image

Նիկոլ Փաշինեանն ԱԺ-ի մէջ հանդիպումներ կ'ունենայ խմբակցութիւններուն հետ

Նիկոլ Փաշինեանն ԱԺ-ի մէջ հանդիպումներ կ'ունենայ խմբակցութիւններուն հետ

Ընդդիմադիր շարժման առաջնորդ, ԱԺ «Ելք» խմբակցութեան ղեկավար Նիկոլ Փաշինեան այսօր՝ 30 ապրիլին, Ազգային ժողովի մէջ կը հանդիպի խորհրդարանական բոլոր ուժերուն, ներառեալ՝ ՀՀԿ խմբակցութեան հետ։ 

Արդէն իսկ աւարտած է «Ելք» խմբակցութեան հետ հանդիպումը, որուն ընթացքին, վարչապետի թեկնածու առաջադրուած է Նիկոլ Փաշինեանը: Ան կը պատասխանէ լրագրողներու հարցերուն:

Հանրապետութեան հրապարակին վրայ ընթացող հանրահաւաքին ընթացքին Փաշինեան նշած է, թէ շատ կարեւոր աշխատանք ունի ԱԺ-ի մէջ։ «Հանդիպում պիտի ունենամ խորհրդարանական բոլոր խմբակցութիւններուն հետ, որ օրուան վերջը կարենամ տեղեկատւութիւն տալ, որ ձեր առաջադրած թեկնածուին ընտրութիւնը, Մայիս 1-ին, վարչապետի պաշտօնին համար երաշխաւորուած է»,- նշած է ան։

Նշենք, որ երէկ Փաշինեան նկատած էր, որ 30 ապրիլին դադար կ՝առնեն եւ քաղաքացիական անհնազանդութեան որեւէ գործողութիւն չեն իրականացներ։ «Կոչ կ՝ընեմ այս պահէն սկսեալդադարեցնելու նաեւ հանրապետական պատգամաւորներու հեռախօսային հաղորդագրութիւններու եւ զանգերու միջոցով կապուիլը եւ պահանջներ դնելը։ Նախնական համաձայնութեամբ, ես վաղը պիտի հանդիպիմ անոնց իբրեւ վարչապետի թեկնածու, որ օրակարգը ի վերջ ամբողջական քննարկենք»,- նշած է Փաշինեանը։

30 Ապրիլին, ժամը 17-ին ան պիտի գայ Գարեգին Նժդեհի հրապարակ։ «Այնտեղից երթով գալիս ենք Հանրապետութեան հրապարակ եւ ես պատմում եմ բանակցութիւնների արդիւնքների մասին։ Եւ միասին որոշում ենք մեր յետագայ անելիքները՝ կախուած իրավիճակից»,- նշած է ան։

Իսկ 1 մայիսին, առաւօտեան ժամը 8-էն սկսեալ հաւաք Հանրապետութեան հրապարակին վրայ։