image

Փաշինեանն ամենաբարձր վարկանիշն ունի

Փաշինեանն ամենաբարձր վարկանիշն ունի

Միջազգային հանրապետական հիմնարկի (IRI) հրապարակած հարցման արդիւնքներով` ՀՀ վարչապետի պաշտօնակատար Նիկոլ Փաշինեանը Հայաստանի մէջ կը շարունակէ մնալ ամենաբարձր վարկանիշ ունեցող քաղաքական գործիչը:

Հարցին, թէ ինչ կարծիք ունին Նիկոլ Փաշինեանի մասին, հարցուածներու 16 տոկոսը գնահատած է «շատ բարենպաստ», իսկ 29 տոկոսը՝ «բարենպաստ»։

Ազգային ժողովի նախագահ Արարատ Միրզոյեանի նկատմամբ վերաբերմունքը հարցուածներու 5 տոկոսը գնահատած է «շատ բարենպաստ», իսկ 35 տոկոսը «բարենպաստ», ՀՀ փոխվարչապետի պաշտօնակատար Տիգրան Աւինեանի նկատմամբ վերաբերմունքը 3 տոկոսը գնահատած է «շատ բարենպաստ», իսկ 27 տոկոսը «բարենպաստ», ՀՀ նախագահ Արմէն Սարգսեանի նկատմամբ` 3 տոկոսը «շատ բարենպաստ», իսկ 25 տոկոսը «բարենպաստ»։
 

Ընդդիմադիր գործիչներէն ՀՀ երկրորդ նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանի նկատմամբ վերաբերմունքը 5 տոկոսը գնահատած է «շատ բարենպաստ», իսկ 15 տոկոս «բարենսպաստ»։

Ստորեւ կը ներկայացնենք Հայաստանի մէջ յայտնի քաղաքական գործիչներու վերաբերեալ տրուած հարցման արդիւնքները։

 

Հարցումը իրականացուած է Միջազգային հանրապետական հիմնարկի Խոր վերլուծութեան կեդրոնի պատուէրով՝ Հետազօտական միջոցներու կովկասեան կեդրոններ- Հայաստան հիմնադրամի կողմէ:

Հետազօտութեան տուեալները հաւաքուած են 8 ապրիլի 2021-էն 4 մայիսի միջակայքը: Հարցման ընտրանքը կազմած է 1502 մարդ:

Հայաստանի 5 մարզերու՝ Արարատի, Գեղարքունիքի, Շիրակի, Սիւնիքի եւ Տաւուշի մէջ կատարուած են 299 լրացուցիչ հարցազրոյցներ՝ մարզային առանձնայատկութիւնները ներկայացնելու համար: Հարցումը տրուած է հեռախօսային զանգերու միջոցով՝ պատահական ընտրանքով: Հետազօտութիւն իրականացնողները նշած են, որ վիճակագրական սխալի չափը չի գերազանցեր 2.5 տոկոսը:

 

Լուրը՝ «Արմէնփրէս»-էն