image

Նիկոլ Փաշինեանն այցելած է հակառակորդի կրակոցէն վիրաւորում ստացած ՊԲ զինծառայող Շամխալ Պետրոսեանին

Նիկոլ Փաշինեանն այցելած է հակառակորդի կրակոցէն վիրաւորում ստացած ՊԲ զինծառայող Շամխալ Պետրոսեանին

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան այցելած է Պաշտպանութեան նախարարութեան զինուորական հիւանդանոց, ուր տեսակցած է 13 մայիսին հակառակորդի կողմէ արձակուած կրակոցէն հրազէնային ծանր վիրաւորում ստացած ՊԲ զինծառայող Շամխալ Սէյրանի Պետրոսեանին:

Բժիշկները Փաշինենանին ներկայացուցած են զինծառայողին առողջական վիճակն ու ապաքինման ընթացքը: Նիկոլ Փաշինեան զրուցած է զինծառայողին հետ, մաղթած շուտափոյթ ապաքինում եւ շնորհակալութիւն յայտնած անոր անձնուէր ծառայութեան համար:

Կառավարութեան ղեկավարը այցելած է նաեւ հիւանդանոցի այլ սենեակներ` առողջութիւն մաղթած այնտեղ բուժուող զինծառայողներուն: Շրջայցի ընթացքին ծանօթացած է հիւանդանոցի յագեցուածութեան եւ առկայ ենթակառուցուածքներու մակարդակին: