image

Նաթանիահուի կողմէ Ասատին յղուած նամակը փոխանցողի ինքնութիւնը պարզուած է (Լուսանկար)

Նաթանիահուի կողմէ Ասատին յղուած նամակը փոխանցողի ինքնութիւնը պարզուած է (Լուսանկար)

Իսրայէլեան հետախուզական «Debka» կայքը յայտնած է, որ Ռուսիոյ Արտաքին հետախուզական ծառայութեան տնօրէն Սերգէյ Նարիշքին, որ անցնող հինգշաբթի օր այցելած էր Թէլ Աւիւ, ինք է, որ փոխանցած է Նաթանիահուի կողմէ Ասատին յղուած «զգուշացման նամակ»ը:

Կայքին փոխանցմամբ, Փութինի ամենամօտիկ խորհրդականներէն համարուող Նարիշքին Նաթանիահութի կողմէ զգուշացման նամակ փոխանցած է Ասատին, ըստ որուն Իսրայէլ պիտի հրաժարի 6 տարիներէ ի վեր Սուրիոյ քաղաքականութեան չմիջամտելու իր ռազմավարութենէն, եթէ վերջինս թոյլ տայ, որ Սուրիոյ մէջ իրանեան ռազմակայաններ հիմնուին:

 


Կայքը նշած է նաեւ, որ առաջին անգամ ըլլալով է, որ ռուսական հետախուզական ծառայութեան ղեկավարներէն մին միաժամանակ ե'ւ Թէլ Աւիւ, ե'ւ Ռամ Ալլա կ'այցելէ, բան մը, որ կ'ապացուցէ, թէ Փութին կը ձգտի միջնորդի դեր կատարել Իսրայէլի եւ Պաղեստինի միջեւ:

Այցելութեան ընթացքին Նարիշքին փորձած է նաեւ համոզել իսրայէլեան կողմը մասնակցելու Սուրիոյ մէջ լարուածութեան չէզոքացման շրջաններ հիմնելու նախագիծին, սակայն մերժուած է այն պատրուակով, որ ԱՄՆ եւ Ռուսիա չեն աջակցիր Սուրիոյ մէջ իրանեան ռազմակայաններու հիմնադրումը կանխելու գործողութեան: