image

Նաթանիահու «յաղթանակ» մը տարաւ Սպիտակ Տան մէջ

Նաթանիահու «յաղթանակ» մը տարաւ Սպիտակ Տան մէջ

Իսրայէլի վարչապետ Բէնիամին Նաթանիահույի Միացեալ Նահանգներ կատարած այցելութիւնը  «կը պսակուէր» ԱՄՆ նախագահ Տանըլտ Թրամբին հետ  «սպասուած» հանդիպմամբ, որու աւարտին երկու ղեկավարները հանդէս կու գային մամլոյ   «ազդեցիկ» ասուլիսով մը:

 

Նաթանիահու,  որ բաւական  գոհունակ  ժպիտով մը կը հեռանար Սպիտակ  Տունէն կը յայտարարէր, որ Իսրայէլ պետութեան  համար վճռորոշ ժամանակներ  են, որովհետեւ «Արաբական շարք մը պետութիւններ  Իսրայէլը  առաջուան նման, իրենց թշնամին չեն տեսներ, այլ բարեկամը»:

 

Իր  կարգին նախագահ   Տանըլտ Թրամբ, որ  կը փորձէր  «երկար սպասուած» խաղաղութեան    մը համար «պայքարող»  նախագահի       պատկերով հանդէս գալ մեծ սայթաքում մը կատարելով կը յայտարարէր, որ «մեզի համա կարեւորը երկու կողմերուն կողմէ ընդունելի ծրագրի մը շուրջ  համաձայնութիւնն է:  Կարեւոր ալ  չէ, որ ինչ ձեւաչափի  տակ պիտի ըլլայ այդ խաղաղութիւնը՝ մէկ պետութեան լուծումով կամ երկու  պետութեան  լուծումով»:

Թրամբ,  որ  իր այս խօսքով ջուրը կը նետէր ԱՄՆ նախկին նախագահ Պիլ Քլինթընի  կողմէ առաջ  քաշուած   եւ «երկու պետութեանց լուծում»  անունով  ծրագիրը, կարծես թէ չէր ըմբռներ, թէ ինչ  հակազդեցութիւններ  կրնայ ունենալ  իր  բաւական «վտանգաւոր»  յայտարարութիւնը: 

 

Եթէ Միացեալ Նահանգներու նախագահին համար հիմնականը «խաղաղութեան կերտում»ն է, ապա  ինչ ձեւաչափով պիտի  ըլլայ ատիկա: Մանաւանդ, որ  Թրամբի   ըրած յայտարարութիւններէն  ետք   Թէլ Աւիւի կառավարութեան հիմնական բաղկացուցիչ տարրերը ԱՄՆ նախագահին «առաջարկ»ը կ'ընկալէին, որպէս յաղթանակ, իրենց հին- նոր պաղեստինեան  «արեւմտեան   ափ»ը Իսրայէլին միացնելու եւ մանաւանդ վերջնականապէս պաղեստինեան համահաւասար պետութիւն մը ստեղծելուվերջնականապէս «այրելով»:

 

Եղած յայտարարութեանց ամէնէն ուշագրաւը «Իսրայէլեան տուն» կուսակցութեան նախագահ եւ կրթութեան նախարար՝ Նաֆթալի Պէնէթի կատարած յայտարարութիւնն էր: Պէնէթ, որ հիմնական ջատագովն է  պաղեստինեան «արեւմտեան ափ»ը Իսրայէլին միացնելու գաղափարին թվիթերեան գրառում մը կատարելով կը յոխորտար ու կ'ըսէր «ԱՄՆ-ի մէջ կատարուած յայտարարութիւնները մեր կողմէ երկար ժամանակէ ի վեր սպասուած  յայտարարութիւններ  են, ու  յստակ  է նաեւ, որ մենք բոլորս մտած ենք նոր հանգրուան մը: Բոլորովին նոր գաղափարներ եւ նոր քննարկումներ տեղի կ'ունենան եւ այլեւս Յորդանանէն եւ Կազայէն բացի այլ երրորդ պաղեստինեան պետութեան մը կարիքը չկայ»կը գրառէր Պէնէթ, առանց նոյնիսկ սպասելու իր կառավարութեան կողմէ կատարուելիք որեւէ պաշտօնական յայտարարութեան:

 

Իր կարգին Պաղեստինի կառավարութիւնը բաւական «կշռադատուած» յայտարարութիւն մը ընելով արագօրէն կը հակազդէր Սպիտակ տան մէջ հնչած մտքերուն եւ կը յայտնէր, որ  իրենց համար «կայ մէկ լուծման  ճանապարհ եւ այդ ճանապարհը   «երկու պետութեանց լուծում»ն է:

Տակաւին չենք խօսիր պաղեստինեան «ռատիքալ» հատուածներուն մասին, որոնք մինչեւ այս պահը կը  նախընտրեն լուռ մնալ եւ չհակազդել ամերիկեան  կողմին յոյս ունենալով, որ ԱՄՆ-ի նախագահին կողմէ  լսուած խօսքերը  ադքան ալ «լուրջ» եւ վերջնական  դիտարկումներ չեն:

Այս ընդհանուր տեսարանին դիմաց հարկ է նաեւ մատնացոյց ընել «դիմադրական» նոր ճակատի մը  ստեղծման ուրուագիծը: Այդ  մասին առաջին անգամ նշում կը կատարէր Վարչապետ Նաթանիահու:

Նախագահ Թրամբ, որ անակնկալի կը մատնուէր Նաթանիահույի կատարած յայտարարութիւնէն իր կարգին «կը խոստովանէր», որ իրենք կ'աշխատին պատրաստել «խաղաղութեան ծրագիր» մը, որուն պաղեստինցիներէն եւ իսրայէլցիներէն զատ մաս պիտի կազմեն արաբական շարք մը «ազդեցիկ»  տէրութիւններ:

Այս «խաղաղութեան ծրագրին» մասին եղած յայտարարութիւնէն  անմիջապէս ետք արաբական աշխարհի ականաւոր վերլուծաբաններ խօսուածներուն մասին կարճ մեկնաբանութիւն մը տալով կը յայտնէին,որ կազմուելիք «ճակատ»ին հիմնական  թիրախը  պիտի ըլլայ  Իրանի Իսլամական  Պետութիւնը եւ այդ երկրի քաղաքականութիւնէն եւ գործունէութիւնէն դժգոհ բոլոր կողմերը  տեղ պիտի ունենան  նորաստեղծ «ճակատ»ին  մէջ:

Այստեղ  հարկ է  յիշեցնել, որ Թրամբի նախագահութեան առաջին օրէն սկսեալ ԱՄՆ սկսաւ  «կարծր»   դիրքորոշումով  հանդէս գալ Թեհրանի նկատմամբ:

Նախագահ Թրամբի  նախընտրական   խօսքերուն  մէջ  ալ Թեհրանի  հանդէ դրական շեշտադրումներ չկային, բայց  հիմա  նոր փուլ մըն է եւ երեւելի է նաեւ, որ  ԱՄՆ պիտի փորձէ  ամէն գնով ճնշումի ենթարկել  Իրանը:

Այս դիրքորոշումին լոյսին տակ ու հակառակ  Թեհրանի կողմէ հնչող եւ Ամերիկայի դերը կասկածի տակ դնող յայտարարութիւնները Իրանի նախագահ Հասան Ռոհանին լծուած է աւելի կարեւոր  գործի մը: Ան 16 փետրուարին միօրեայ այցով կը հանգրուանէր Քուէյթ ու ապա Օման: Թեհրան, որուն առաջնորդներուն  համար բացայայտուած  գաղտնիք է Իսրայէլ- արաբական  աշխարհ հետզհետէ   աճ գրանցող  կապը,  նպատակ դրած է ամէն գնով  Ծոցի արաբական երկիրներուն  հետ «լեզու գտնել»ու քաղաքականութեան մը, որուն  նախնական արդիւնքները  երեւան  կրնան գալ  յառաջիկայ   շրջանին:

Վերադառնալով  Իսրայէլ-ԱՄՆ յարաբերութեանց հարկ է յիշեցնել, որ ԱՄՆ նախկին նախագահ Պարաք Օպամայի պաշտօնավարութեան վերջին հանգրուանին այդ յարաբերութիւնները ապրեցան բաւական լարուած իրավիճակ մը:

 

Խնդիրն  այն էր, որ  Օպամա հակառակ  տարբեր թղթածրարներու վերաբերեալ իր ունեցած «յարափոփոխ» կեցուածքներուն, մնաց անզիջող Իսրայէլի  պետութեան վերաբնակեցման քաղաքականութեան  առընթեր:

Մինչ Օպամայի համար վերաբնակեցման վայրեր կառուցելու Թէլ Աւիւի միտումները կտրականապէս մերժելի էին, այսօր նախագահ Թրամբ եւ մասնաւորապէս այդ խնդրին առնչութեամբ նոյն «կտրական» կեցուածքներով  հանդէս  չի գար:

Ճիշդ է նաեւ, որ այս հարցերուն առընթեր ցարդ շատ վաղ է վերջնական եզրակացութիւններու յանգիլ, բայց եւ այնպէս իր պաշտօնավարութեան առաջին իսկ օրէն Թրամբի վարչակազմին համար առաջնային դարձած է կարգի բերել  Իսրայէլի հետ բաւական «վնասներ» կրած յարաբերութիւնները:

 

Յստակ է նաեւ, որ  Թեհրանի  եւ  մանաւանդ լիբանանեան «Հիզպուլլահ»ի   դէմ «պատիժներ»  տնօրինելու ու զանոնք «թշնամի»  «էութիւններ» համարելու միտումներն ալ ջուր կը լեցնեն Նաթանահիահույի կառավարութեան ջրաղացին:

 

Իսրայէլ ի զօրու չէ նոր պատերազմ սկսիլ «Հիզպուլլահ»ի  դէմ ու այս առումով  յստակ է նաեւ,  որ այդ պետութեան  համար գերագոյն նպատակ  դարձած է՝

Ա. Կոտրել Թեհրան- Դամասկոս- «Հիզպուլլահ» զինուորական  մատակարարաման բոլոր ճանապարհները:

Բ. Ստեղծել շրջանային դաշինք՝ Իրանի  դէմ, որուն պիտի անդամակցին «Իսրայէլը այլեւս թշնամի տէրութիւն  մը չէ»  յայտարարող  բոլոր արաբական երկիրները:

 

Գ. Եւ վերջին՝ լարուածութեան գագաթնակէտին հասցընել Ուաշինկթըն- Թեհրաn «կապեր»ը եւ հնարաւորինս «պատժական»տնօրինումներ «ապահովել»   Թեհրանին   դէմ:

 

Եթէ այս բոլոր հիմնահարցները դնենք սեղանին վրայ, ապա յստակ պիտի դառնայ, որ ԱՄՆ նախագահ Թրամբի կողմէ  կատարուած յայտարարութիւնները «դրական ցնցուղ» են Նաթանիահույին համար, որ ունի ներ-քաղաքական բաւական բարդ հարցեր ու «արտաքին թշնամի»ի դէմ անոր բանալիք պայքարները լաւագոյն միջոց կրնան հանդիսանալ, զինք դուրս բերելու երկրին  մէջ  իր դէմ օրըստօրէ  մեծցող բողոքի  մթնոլորտէն:


 

 Սագօ Արեան 

«Ժամանակ»