image

Նաթանիահու Պատմութեան Գոց Տետրակները Կը Բանայ. Ինչո՞ւ/ Սագօ Արեան

Նաթանիահու  Պատմութեան  Գոց Տետրակները Կը Բանայ. Ինչո՞ւ/   Սագօ  Արեան

 Իսրայէլի վարչապետը   հետամուտ է  պատմութեան հին  տետրակները  բանալու:  Ան  նախքան իր Ամերիկայի  Միացեեալ Նահանգնպեր վերջերս կատարած այցը  Երուսաղէմի մէջ  կայացած  «Սիոնիզմի միջազգային Գոնկրէս»ի    ամենամեայ ժողովին    սուր    յայտարարութեամբ մը հանդէս գալով    փորձեց     Նացիստ  Գերմանիոյ կողմէ   հրեաներուն դէմ կատարուած  «Հոլոքոստ»ի  հիմնական մեղքը բեռցնել    արաբներուն վրայ:  Իսրայէլի թիւ մէկ պատասխանատուն իր խօսքը  կ'ամրագրէր  պատմական փաստով մը յիշատակելով    Երուսաղէմի սիւննիներու Միւֆթիին հանդիպումը       համաշխարհային  Բ.ն աշխարհամարտի  օրերուն ( Նոյեմբեր  1941)  Նացիստական Գերմանիոյ   առաջնորդ  Ատոլֆ Հիթլէրին  հետ:      Նաթանիահայուհի     տուած  ճարէն  ետք արեւմտեան մամուլի  տարբեր  ներկայացուցիչները  լայնօրէն  անդրադարձան    Հաժ  Ամին Ալ Հիւսէյնի  թուականին Պերլինի մէջ  Հիթլէրի   հետ  ունեցած  հանդիպման եւ իւրաքանչիւր կողմ  հարցը  իր շահերու պրիսմակէն դիտելով    փորձեց  վերլուծել       Միւֆթիին  Պերլինեան  ժողովը:  Ինչ խօսք, որ Նաթանիահույի ըրածը        բաւարար  համոզիչ հիմքեր չունէր համոզելու համար աշխարհը, որ  Հիթլէր       հրեաներուն դէմ նախճիրներ  գործելու որոշումը  ամրագրած է     Արաբ  կրօնապետին   հետ իր  ունեցած հանդիպումէն   սակայն  երեւելի էր, որ  քաղաքական  լուրջ տագնապ  ապրող    վարչապետը նոր խնդիրներ  հարուցելով,  կը  փորձէր    մեղադրանքներ  նոր ալիք մը բարձրացնել արաբներուն  դէմ:

Նաթանիհաու   իր այս քայլով  ծանր  սակարկութեան  մը մէջ մտնելով,   կը շահագործէր  Հրեայ  ժողովուրդի  զոհերուն արժէքը:  Անոր  կատարած  քայլը  վատ էր կամ  լաւ  այդ մէկը   երեւան     պիտի գայ  Իսրայէլի մէջ  կայանալիք    յառաջիկայ ընտրութիւններուն,  երբ   իսրայէլացի քուէարկողը  իր խօսքը   ըսէ     քուէասնտուկներուն մէջ

 

   Այս  հանգրուանին մտահոգիչ է     Երուսաղէմի, արեւմտեան ափի, Բեթղէհեմի եւ  Գալիլիոյ մէջ տիրող  ընդհանուր կացութիւնը:  Վերաբնակեցեալ իսրայէլացիներուն համար (որոնք բնիկ չեն  այլ եկուոր), ոեւէ  պաղեստինցիի մը  արեան թափուիլը դարձած է  նպատակակէտ: Նոյնը կարելի է  ըսել պաղեստինցիներու մեծագոյն  տոկոսի  մասին,  որոնց   ապրած ընկերային-   տնտեսական ծանր    պայմանները     զիրենք   դրած են  նիհիլիզմի  ճանապարհի մը վրայ:  Պաղեստինցիք  կորսնցուցած են   վստահութիւնը  իրենց ղեկավարութեան հանդէպ եւ   իրենց համար    իսրայէլացիներու դէմ կատարուած  դաշունահարման  երեւոյթը,   հակառակ  անոր որ    դէպքերու աւարտին  իրենք    կրնան  սպաննուիլ դարձած է     իրենց  ներկայութիւնը փաստելու միակ  միջոց:   Արիւնաթաթախ գետինը   վնասակար է բոլորին համար   ու այս ծիրին մէջ  պէտք է  դիտարկել ՄԱԿ-ի    ընդհանուր  քարտուղարին Երուսաղէմ ու ապա Րամալլա  տուած    յանկարծակի այցելութիւնները, որ թէեւ լուծումներ  չբերաւ խնդրին սակայն յաջողեցաւ հանդարտեցնել   իրավիճակը:  Այս լուծման եղանակները   երկար շունչ ունենալու ուժ  չունին, ու արաբ  - իսրայէլեան       արդէն    տարիներէ ի վեր առկայ  տագնապը  կրնայ  շատ արագ   զարգացումներով  համապատերազմեան նոր իրավիճակ  ստեղծել

 

Շատ մը դէտերու  համար Իսրայէլ կը մնայ անպարտելի ու անոր զինուորական գերակայութիւնը պիտի  «մաքրէ» բոլոր հաշիւները:   Ամերիկեան    նժարին վրայ,  Իսրայէլի որդեգրած քաղաքականութիւնը  եւ   անդադար կերպով  բնակեցման նոր  վայրեր կառուցելու   որոշումները     հաշտ աչքով չեն դիտուիր:   ԱՄՆ նախագահը  տարբեր առիթներով  փորձած է բացատրել, որ  Իսրայէլ այս ընթացքով  կրնայ  դժուարին  իրավիճակներու  մէջ ըլլալ: Նոյնը կ'ըսէ Եւրոպան,  որուն    հասարակութեան լայն շերտերուն համար Իսրայէլ   դարձած է   պաղեստինցի ժողովուրդի   դահիճը:

 

 Ներկայ  հանգրուանին    միջազգային գերակշռոշ  ուժերուն հետաքրքրութեան գլխաւոր  առանցքը  Սուրիան  է : Ու այս առումով  եւս   Իսրայէլի եւ պաղեստինցիներուն միջեւ զինուորական որեւէ խլրտում  խստիւ արգիլուած է:

 Այլ  խօսք, որ գետնի վրայ այսօր   օրակարգ պարտադրողը   ոչ թէ  վարչապետ Նաթանիահաուն կամ նախագահ Մահմուտ Ապպասն  են,  այլ նոյնինքն     պաղեստինցի  այն երիտասրդները, որոնք    մահը աչքերնին առնելով   ամէնօրեայ դրութեամբ դաշունահարումներ կը կատարեն Երուսաղէմի        արաբ  եւ  իսրայէլացի բնակիչներ  ունեցող  թաղամասերուն  մէջ:

 Այս  բարդ կացութեան դիմաց  պատմութեան   տետրակները գրգրելը    բաւական անհեթեթ է   սակայն  Իսրայէլի վարչապետին տիրապետած  այս զէնքը եւս  գորածածութեան կը   դրուի Իսրայէլացի  զինուորական  կարգ մը  պատասխանատուներու    նախքան  Ուաշինկթըն այցելելութիւն տալը:

 Ու   նաեւ կարեւոր է  դիտարկել,  որ Ոււաշինկթընի մէջ    Իսրայէլ հերթական անգամ ստացաւ այն զինամթերքը , որ իր բանակը   պիտի  շարունակէ պահել, իբրեւ  շրջանին մէջ գերակշիռ  ուժեղագոյն  ուժ     ունեցող  եւ «անպարտելի»    երկիր:

  Միջին Արեւելքի  մէջ տիրող ընդհանուր  մտահոգիչ  դրութեան աղբիւրը   արաբ իսրայէլեան  հակամարտութիւնն է: Եւ  առանց պաղեստինցիներու անկախ պետականութեան ամրագրման անհնար է, որ  որ լաւաներու մէջ     գոյատեւող  այս   հոծղատարածքները   կրնան  հանգիստ շունչ մը քաշել  եւ ստեղծածար  կեանքով ապրիլ:

 Ըստ  Նաթանիահաույի պատմածին  Սիւննի Միւֆթին   Հիթլէրի   հետ տեսակցութեան ժամանակ մտահոգութիւն յայտնած է, թէ  եթէ Հիթլէր  հրեաները       իր   տիրապետութեան   տակ գտնուող տարածքներէն արտաքսէ,  ապա  անոնք  Պաղեստին երթալով   գլլխու ցաւ պիտի դառնան արաբներուն:  Եւ  երբ իր  մտահոգութիւնը    յայտնած է  Նացիսմի հիմնադիրին, Հիթլէր  բացագանչած է «Հապա  ի՞նչ ընեմ»  այդ պահուն           արաբ  կրօնաւորը    հաստատակամ կերպով   պատասխանած է «Այրէ  զանոնք»:  Ու միշտ   հիմնուելով Նաթանիահույի   պատմածին վրայ   Հիթլէր     մեծ լռութեամբ մը ընկալած է Միւֆթիին պատասխանը:

 

 

 Թէ  ինչքանով տրամաբանական է այս պատումը, կամ ինչքան ճշմարտացի  կրնայ ըլլալ  այն մօտեցումը, որ  Ատոլֆ Հիթլէրի նման  բռնապետ մը իր  գործողութիւնները  հիմնէր եւ ամրագրէր լսելէ  ետք  արաբ  կրօնաւորին թելադրանքները     յստակ չէ:

  Այս  մէկը, ոչ միայն   մեծ  կասկածներ  կ'առաջացնէ,  այլ նաեւ թոյլ կուտայ, որ    իշխանութիւնը  իր ձեռքերուն մէջ  պահելու խորքային տագնապ  ապրող Բէմիամին Նաթանիահույին բոլոր խօսքերը        կասկածի  տակ առնուին:

 Նաթանիահու կը փորձէ  պատմութեան   սեւ էջերը  գրգռել նպատակ ունենալով   նոր տագնապի մը գիրկը նետել արաբները:  Ինչքանով կը յաջողի ան   տակաւին պարզ չէ: Յստակ է միայն, որ ոչ  արաբները, ոչ ալ միջազգային հանրութիւնը իրենց   օրակարգերուն ամէնէն  կարեւոր տեղը տուած են արաբ – իսրայէլեան հակամարտութեան:  Միջին  Արեւելքի  մէջ  ընդհանուր  իրավիճակը շատ աւելի բարդ է, քան Նաթանիահույի  պատմական    տետրակները վերստին բանալու մարտավարութիւնէն բխող   «թելադրանքները»:

 

 Սագօ  Արեան

«Արարատ» Պէյրութ