«Մետիամաքս»-էն կը կարդանք՝
ԿԳՄՍ նախարար Վահրամ Դումանեանն ըսած էր, որ «Հայ եկեղեցւոյ պատմութիւն» առարկայի հետ կապուած աղմուկը վերջին մէկուկէս ամսուայ ընթացքին չկայ եւ կառավարութեան ու Հայ առաքելական եկեղեցւոյ ներկայացուցիչներու համատեղ յանձնաժողով քննարկումներու մէջ է:
Նախարարի յայտարարութեան հետ կապուած «Մետիամաքս»ը մեկնաբանութիւն խնդրած է Մայր Աթոռի կրթական հարցերով ենթախումբի ղեկավար, Շիրակի թեմի առաջնորդ Միքայէլ արքեպիսկոպոս Աջապահեանէն:
«Նախարարը շտապել է յայտնել այն, ինչը դեռ չի կատարուել: Յանձնաժողովի առաջին հանդիպումը եւ քննարկումը լինելու է վաղը: Աղմուկի չգոյութիւնը բնաւ կապ չունի քննարկման լինել-չլինելու հետ, ուղղակի, երբ որ երկիրը բազմաթիւ եւ բազմաբնոյթ լրջագոյն խնդիրներ ունի, այդ մասին աղմկելը պատշաճ չի»,- ըսած է Միքայէլ արքեպիսկոպոս Աջապահեանը:
Ան նշած է, որ եկեղեցին կը շարունակէ մնալ իր դիրքորոշման: «Առաւել եւս հիմա մենք զիջելու տեղ չունենք»,- աւելցուցած է Միքայէլ Սրբազանը: