Իրանի Արտաքին գործոց նախարար Ապպաս Արաքչին Մեծ Բրիտանիոյ Արտաքին գործոց նախարար Իվեթ Քուփըրի հետ հեռաձայնային զրոյցի ընթացքին Լոնտոնէն պահանջած է ձեռնպահ մնալ Թեհրանի դէմ ԱՄՆ-ի եւ Իսրայէլի գործողութիւններուն աջակցելէ, յայտնած է Իրանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը։
Բրիտանիոյ վարչապետ Քիր Սթարմըր Մարտ 2-ին յայտնած էր, որ Լոնտոնը ընդունած է Ուաշինկթընի խնդրանքը՝ օգտագործելու պետութեան ռազմակայանները Իրանի մէջ հրթիռներու պահեստներուն դէմ հարուածներ հասցնելու համար։ Միացեալ Թագաւորութեան պաշտպանութեան նախարարութիւնը Մարտ 7-ին հաստատած էր, որ Միացեալ Նահանգները սկսած է օգտագործել Բրիտանիոյ կայանները Իրանի դէմ գործողութեան մէջ։
«Արաքչին պահանջած է, որ բրիտանական իշխանութիւնները ձեռնպահ մնան ԱՄՆ-ի եւ սիոնիստական վարչակարգին հետ որեւէ համագործակցութենէ՝ ռազմական եւ մետիա օժանդակութիւն տրամադրելու հարցերով»,– նշուած է Իրանի ԱԳՆ-ի հրապարակած յայտարարութեան մէջ։
Իրանի ԱԳ նախարարը նաեւ քննադատած է Մեծ Բրիտանիան՝ ԱՄՆ-ին ռազմակայաններ տրամադրելու համար՝ յայտարարելով, որ նման քայլերը կը դիտարկուին որպէս մեղսակցութիւն Թեհրանի դէմ իրականացուող յարձակման։
Մեկնաբանելով իրավիճակը Հորմուզի նեղուցին եւ Մերձաւոր Արեւելքի մէջ՝ Արաքչին կրկին ընդգծած է, որ կացութիւնը կրնայ կարգաւորուիլ Իրանի դէմ յարձակումներու դադրեցման պարագային, իսկ հակամարտութեան աւարտը պէտք է ուղեկցուի երաշխիքներով, որ այն պիտի չկրկնուի։