image
Հրատապ լուրեր:

Ակնարկ «Ազդակ»էն. Անմարդաբնակ գօտիի առաջադրանքը

Ակնարկ «Ազդակ»էն. Անմարդաբնակ գօտիի առաջադրանքը

Լիբանանի մէջ քաղաքական կեանքը մէկ կողմէ կը յատկանշուի պետական հաստատութիւններու աշխատանքներու վերակազմակերպման փորձերով եւ ընդհանրապէս դէպի բնականոն հուն վերադարձով, միւս կողմէ Իսրայէլի կողմէ կատարուող ռազմական գործողութիւններով:

Այս երկրորդ ուղղութիւնը աւելի ընդհանուր պատկերի տեսանելիութիւն կ՛ենթադրէ: Շրջանային առումով Դամասկոս կը խօսի Թել Աւիւի հետ յարաբերութիւններու գործընթացի նախապատրաստական հանգրուան թեւակոխելու եւ ուղիղ բանակցութիւններ վարելու մասին, Կազայի մէջ համաձայնութեան 2-րդ փուլի անցումի մասին կը յայտարարեն, եւ հուսիները պատրաստակամութիւն կը յայտնեն զինադուլի: Այն տպաւորութիւնը կը ձգուի, որ անաւարտ մնացած բաժինը Լիբանանն է` զէնքի մենաշնորհի առաջադրանքը կատարելու առումով:

Ահա այստեղ յոռետեսական կանխատեսումները կը շատնան: Քարոզչական ամբողջ մեքենայ մը կը բանի համոզելու համար հանրային կարծիքը, որ եթէ Հըզպալլան  մերժէ զէնքը յանձնել, ապա կ՛արդարանան Իսրայէլի աւելի արմատական գործողութիւններու դիմելու հիմնաւորումները: Հարցականի տակ չ՛առնուիր, թէ ինչո՛ւ հրադադարը կը խախտի միակողմանիօրէն: Ռազմական բոլոր միտումները համոզել կու տան, որ Հըզպալլայի զինաթափումը միջոց է  ընդհանրապէս Իսրայէլի առաջադրած անվտանգութեան գօտին ձեւաւորելու: Խնդիրը ոչ միայն հարաւային որոշ աշխարհագրութեան ապառազմականացումն է, այլ ընդհանրապէս անբնակելի  գօտիի կայացումը: Ժողովուրդի վերադարձը բացառելու պետական քաղաքականութիւնն է, որ կը կիրարկուի Թել Աւիւի կողմէ,  իր սահմանամերձ տարածքները անմարդաբնակ տեսնելու յստակ նպատակով:

Ժողովուրդ կը նշանակէ Իսրայէլի համար վտանգ, որ որեւէ ատեն կրնայ դիմադրութեան դիմել, երբ երկրի տարածքային ամբողջականութեան նկատմամբ ոտնձգութիւններու դիմուի: Հետեւաբար անմարդաբնակ գօտին առաջադրանք է: Այդ պատճառով ալ ժողովուրդի վերադարձը բացառելու բոլոր միջոցներուն կը ձեռնարկէ Իսրայէլը:

Պուլկարիա կատարած այցելութեան ընթացքին հանրապետութեան նախագահին կատարած յայտարարութիւններուն կարեւոր մէկ բաժինը անպայման լուսարձակի տակ պէտք է առնել: Միտքը այն է, որ Լիբանան բարեկամ պետութիւններէն օգնութիւն խնդրեց Իսրայէլի վրայ ճնշում բանեցնելու, որպէսզի յարգէ համաձայնութիւնը, սակայն մինչեւ հիմա դրական արդիւնքի չհասանք:

Դրական արդիւնքի չհասնիլը կամ հրադադարի խախտումները անտեսելը յատուկ քաղաքականութիւն է: Իսրայէլի ոտնձգութիւնները զսպելու կամ կասեցնելու պահը չէ հասունցած տակաւին: Կազայի մէջ հրադադար հաստատելէն առաջ ոչ մէկ իրողական միջամտութեան քայլի դիմուեցաւ արգելակելու համար ցեղային զտումի քաղաքականութիւնը: Իսրայէլ անարգել գործեց, մինչեւ որ հասունցաւ պահը հրադադարի:

Իրադրութիւնները այնպէս են, որ ո՛չ Հըզպալլայի զինաթափումը, ո՛չ ալ հարաւի որոշ շրջաններու ապառազմականացումն է Իսրայէլի նպատակը: Ընդհանրապէս իր սահմանամերձ տարածքները անմարդաբնակ դարձնելու քաղաքականութեամբ կը բացատրուի բնակելի որեւէ կեցավայր հաստատելու փորձերը հրթիռակոծումներով արմատախիլ ընելու հակադարձութիւնը:

Կազայի համար պահի հասունացման 0 ժամը 20 կէտնոց ամերիկեան փաստաթուղթի հրապարակումն էր: Լիբանանի պարագային կայ այդ փաստաթուղթը: ՄԱԿ-ի թիւ 1701 բանաձեւն է. ի տարբերութիւն ամերիկեան փաստաթուղթին, այս մէկը միջազգային է, որուն կէտերը չեն գործադրուիր եւ որուն յղում չի կատարուիր: Նախ եւ առաջ Իսրայէլի կողմէ:

 

«Ա.»

Նոյ. 13, 2025