Նաթանիահուին ըսած են, որ այլեւս չյարձակի նաւթակազային կառոյցներու վրայ։ Ան այլեւս նմանատիպ յարձակում պիտի չգործէ։ Այս մասին ըսած է ԱՄՆ նախագահ Տանըլտ Թրամփը։
Աւելի վաղ Թրամփ գրած էր, որ ԱՄՆ-ն տեղեակ չէ եղած «Հարաւային Փարս» հանքավայրին Իսրայէլի հարուածի նախապատրաստութենէն:
«Իսրայէլը, վրդոված Մերձաւոր Արեւելքի իրադարձութիւններէն, հարուած հասցուցած է Իրանի «Հարաւային Փարս» կազային հանքավայրին: Յարձակումը տեղի ունեցած է միայն սահմանափակ հատուածի մէջ, ընդ որում՝ Միացեալ Նահանգները տեղեակ չէ եղած ատոր նախապատրաստման մասին, իսկ Քաթարը որեւէ առնչութիւն չէ ունեցած միջադէպին եւ չէ կասկածած այդ մասին։
Իսրայէլն այլեւս պիտի չյարձակի այս չափազանց կարեւոր եւ արժէքաւոր «Հարաւային Փարս» հանքավայրի վրայ, եթէ միայն Իրանը չդիմէ անմիտ քայլի եւ չյարձակի բոլորովին անմեղ երկրի, տուեալ պարագային՝ Քաթարի վրայ։
Այդ պարագային ԱՄՆ-ը՝ Իսրայէլի օգնութեամբ կամ առանց ատոր ու անոր համաձայնութեան, զանգուածային պայթում պիտի իրականացնէ ողջ «Հարաւային Փարս» կազային հանքավայրին մէջ այնպիսի հզօրութեամբ, որ Իրանը դեռ չէ տեսած։
Ես չեմ ուզեր արտօնել բռնութեան եւ աւերածութիւններու նման մակարդակ՝ Իրանի ապագայի համար երկարաժամկէտ հետեւանքներու պատճառով, բայց եթէ քաթարական հեղուկ բնական կազի վրայ կրկին յարձակում ըլլայ, ես առանց վարանելու միջոցներ պիտի ձեռնարկեմ»,- յայտարարած է ան։