image

Նախագահ Պաշշար Ասատի կարծիքը Հարիրիի հրաժարականին շուրջ

Նախագահ  Պաշշար Ասատի կարծիքը Հարիրիի հրաժարականին շուրջ

Սուրիոյ նախագահ Ասատ արաբական կուսակցութիւններու համագումարի ժամանակ անդրադառնալով Հարիրիի հրաժարականին յայտնած է. «Հարիրիի կառավարութիւնը ինք իր իշխանութեան տէրը չէ, եւ ան հրաժարականի պարտադրուեցաւ, եւ ոչ թէ հրաժարեցաւ»: Այս մասին կը հաղորդէ «Ալ Տիար» լրատուական կայքը:

Ասատ միաժամանակ անհաւանական համարած է Լիբանանի մէջ պատերազմի բռնկումը, նշելով, որ պատերազմ մղել ցանկացողը շեփորներ չի հնչեցներ:

Ասատի կարծիքով, Լիբանանի ներսը գոյութիւն ունեցող հակամարտութիւններն են պատճառը երկրի ներքին խնդիրներու լուծումն առկախուելուն: