image

Նախագահ Արմէն Սարգսեանը հանդիպում ունեցած է Սերժ Սարգսեանի եւ Կարէն Կարապետեանի հետ

Նախագահ Արմէն Սարգսեանը հանդիպում ունեցած է Սերժ Սարգսեանի եւ Կարէն Կարապետեանի հետ

Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեանը 26 ապրիլի երեկոյեան շարժման առաջնորդ Նիկոլ Փաշինեանի հետ ունեցած հանդիպումէն ետք, շարունակած է խորհրդակցութիւններու շարքը ներքաղաքական լարուածութիւնը վերացնելու եւ լուծումներ գտնելու նպատակով:

 

Նախագահի մամուլի գրասենեակէն յայտնած են, որ ՀՀ նախագահ Սարգսեանը հանդիպումներ ունեցած է նաեւ Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանի եւ ՀՀԿ փոխնախագահ Կարէն Կարապետեանի հետ:

 

Հանդիպումները ունեցած են կառուցողական բնոյթ: Հանրապետութեան նախագահը յոյս ունի, որ համատեղ ջանքերով հնարաւոր կ'ըլլայ գտնել փոխընդունելի լուծում:

 

Նախագահը ողջունած է Վեհափառ Հայրապետի հանդիպումը Նիկոլ Փաշինեանի հետ: Ան միաժամանակ քաջալերած է բոլոր քաղաքական ուժերու, հասարակական կազմակերպութիւններու եւ անհատներու ջանքերը, որոնք ուղղուած են ստեղծուած իրավիճակի մէջ տրամաբանական եւ ողջամիտ հանգուցալուծման հասնելուն: