Մուսուլի մէջ Միջազգային դաշնութեան մասնակցութեամբ իրականացուած յարձակման արդիւնքով սպանուած է «Տահէշ» ահաբեկչական կազմակերպութեան առողջապահութեան նախարարը եւ կազմակերպութեան շարք մը կարեւոր ղեկավարներ: Այս մասին յայտարարած է «Քուրտիստան տարածաշրջանի մէջ ահաբեկչութեան դէմ պայքար»ը, նշելով, որ իր ուժերը այսօր համատեղ գործողութիւն իրականացուցած է միջազգային դաշինքի ուժերուն հետ, թիրախ դարձնելով Մուսուլի մէջ «Տահէշ»ի Ալ-ֆուրքան խմբաւորման ղեկավարութեան կեդրոնատեղին:
Յարձակման արդիւնքով սպանուած է նաեւ ռուսական քաղաքացիութիւն կրող ահաբեկիչ Ապու Պաքր Ալ-Շիշանին, ռազմական պատասխանատու մը եւ Նինուա պետութեան ֆինանսներու պատասխանատու Ապու Ֆաթմա Ալ-Թունիսին:
Աղբիւրը կը նշէ նաեւ, որ բացի ղեկավարներէ, սպանուած է նաեւ շուրջ 30 ահաբեկիչ եւ մեծ նիւթական վնաս հասցուած է կազմակերպութեան:
Յիշեցնենք, որ Իրաքի զինուած ուժերու հրամանատար, վարչապետ Հայտար Ալ-Ապատի, երէկ յայտարարած էր Մուսուլ քաղաքի աջ կողմի ազատագրման գործողութիւններու մեկնարկման մասին: