Ռուսիոյ Արտաքին Գործոց նախարարի տեղակալ Միխայիլ Պոկտանով այսօր յայտարարծ է, որ Մոսկուա կարեւոր կը նկատէ Սուրիոյ ընդդիմութեան համատեղ պատուիրակութեամբ մը մասնակցութիւնը՝ Ժընեւի բանակցութիւններուն: Այս մասին կը տեղեկացնէ «ՌԻԱ Նովոսթի» ռուսական լրատուական գործակալությունը: Դիւանագէտը նշած է նաեւ, որ այսօր Սուրիոյ ընդդիմութեան Ռիատի եւ Մոսկուայի խումբերուն միջեւ խորհրդակցութիւններ պիտի ընդանան:
«Reuters»-ի համաձայն, Պոկտանով յայտարարած է, որ քիւրտ ներկայացուցիչներ նոյնպէս պէտք է ներգրաւուած ըլլան այսբանակցութիւններուն:
Նշենք, որ ՄԱԿ-ի կողմէ խաղաղութեան բանակցութիւններու բացումը տեղի ունեցած էր հինգշաբթի՝ խորհրդանշական արարողութեամբ մը: