Հիւսիսային Իրաքէն եկած քրտական ընտանիք մը ցեղապաշտական յարձակման ենթարկուած է Թուրքիոյ հարաւային Մերսին նահանգին մէջ: Յարձակման հետեւանքով ընտանիքին հայրը լուրջ վնասուածքներ ստացած է գլուխի շրջանը, տուժած է նաեւ 12-13 տարեկան երեխան, գրած է Ahvalnews-ը:
Երեք յարձակողները հայհոյած են եւ ցոյց տուած «գորշ գայլերու» խորհրդանիշները, ապա մահակներով ու քարերով յարձակած են ընտանիքին վրայ: Ականատեսներու խօսքով՝ յարձակողները քարերով եւ մահակներով քանի մը անգամ հարուածած են տղամարդուն գլուխը եւ դէմքը, որոնց հետեւանքով վերջինս կորսնցուցած է գիտակցութիւնը: Յարձակման ենթարկուած է նաեւ 12-13 տարեկան երեխան: Լքելով յանցագործութեան վայրը՝ յարձակողները սպառնացած են հաշուեյարդար տեսնել, եթէ որեւէ մէկը իրենց դէմ ցուցմունք տայ: Քանի մը ժամ ետք անոնք ձերբակալուած են իրաւապահ մարմիններու կողմէ: Անոնք յայտարարած են, որ բախման պատճառը Ճանապարհային պատահարն էր: