Ռուսիոյ Պաշտպանութեան նախարարութիւնը յայտնած է, որ նախարարութեան ենթակայ Ռազմական համագործակցութեան նդհանուր վարչութեան նախագահը երէկ Մոսկուայի մէջ հանդիպում ունեցած է ՄԱԿ-ի գլխաւոր քարտուղարի մարդասիրական հարցերով տեղակալին հետ, Սուրիոյ մէջ մարդասիրական հարցերը քննարկելու նպատակով: Այս մասին կը հաղորդէ «Սփութնիք» լրատուական գործակալութիւնը:
Պաշտպանութեան նախարարութեան յայտարարութեան մէջ նշուած է, որ կողմերն անդրադարձած են համատեղ ջանքերով դէպի Սուրիոյ ազատագրուած շրջանները մարդասիրական օգնութիւններ տեղափոխելու հարցին:
Նշենք, որ նախանցեալ օր Ռուսիոյ Պաշտպանութեան նախարարութիւնը յայտարարած էր, որ ռուս զինուորականներն ու Կարմիր խաչը կ'ուսումնասիրեն սուրիական աւաններուն մէջ կարիքաւորներուն մարդասիրական օգնութիւն ցուցաբերելու, ինչպէսն նաեւ բժշկական օժանդակութիւն տրամադրելու եւ ականազերծում իրականացնելու միջոցները: