Ռուսիոյ Արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարած է, որ Մոսկուա Դամասկոսի հետ կը քննարկէ Սուրիոյ լարուածութեան մեկուսացման վայրերուն մէջ խաղաղապահ ուժեր տարածելու հարցը: Այս մասին կը յայտնէ «Սփութնիք» լրատուական գործակալութիւնը:
Գործակալութիւնը, վկայակոչելով Ռուսիոյ Արտաքին գործոց նախարարութեան իր աղբիւրը, նշած է, որ նման գաղափար ժամանակ առ ժամանակ կը քննարկուի Սուրիոյ հետ, աւելցնելով, որ Ռուսիոյ համոզմամբ, որեւէ երկրի մէջ խաղաղապահ ուժեր տարածելու նախապայմանը տուեալ երկրի համաձայնութիւնն է, որ այս պարագային Սուրիա է, եւ բոլոր խնդրիներն անոր հետ պէտք է կարգաւորուին, իսկ նախաձեռնութիւնը ինք՝ Սուրիա պէտք է կատարէ: