Հալէպի խաղաղ բնակչութեան շրջաններ այսօր կրկին անգամ թիրախ դարձած են հրթիռարձակումներու։
Այս մասին տեղեկութիւնը տրուած է Հալէպի մասին լուրեր տարածող էջեր։
Մեր ունեցած վերջին տուեալներուն համաձայն այսօր առաւօտ կանուխ հրթիռներ ինկած են Հալէպի «Ալ Մուհաֆազա» շրջանին վրայ, պատճառելով նիւթական մեծ վնասներ։ Հրթիռներէն մին նետուած է անզէն բնակիչներու տան ուղղութեամբ եւ բնակարանին մէջ գտնուողները փրկուած են հրաշքով (Տեսնել ՝ լուսանկարները)։
Ինչ կը վերաբերի այսօր յետմիջօրէին ստեղծուած իրավիճակին, ապա կը նշուի, որ հրթիռներ ինկած են Մոքամպո, Ալ Զահրա Համտանիյէ եւ Պըսթան Ալ Զահրաա շրջաններուն վրայ։
«Արեւելք»ի Հալէպի աղբիւրին համաձայն այսօր հրթիռակոծուած շրջանները կը գտնուին հայկական թաղամասերէն, շուրջ հինգ քլմ. հեռաւորութեան վրայ, սակայն ինչպէս ամբողջ Հալէպի այնպէս ալ հայկական շրջաններու պարագային կը տիրէ սպասողական իրավիճակ կապուած Սուրիոյ բանակի կատարած ռազմական գործողութիւններուն ու ատոր հետեւանք, ահաբեկիչներու կողմէ յաճախ նկատելի դարձող հրթիռակոծումներուն։
Զոհերու կամ վիրաւորներու մասին մինչեւ այս պահը տուեալներ չեն հաղորդուիր։
Յիշեցնենք, Սուրիոյ բանակը վճռական քայլերու դիմելով որոշած է վերջանական հարուած տալ Հալէպի հարաւային շրջաններուն մէջ գտնուող ահաբեկիչ զինեալներու դիրքերուն ու նաեւ վերջնականապէս իր լրումը հասցընել Հալէպ նահանգի ամբողջական ազատագրումը։



