image
Հրատապ լուրեր:

Միհրան Թոմասեան Պարային Նոր Բեմագրութիւն Մը Ներկայացուց Պոլսոյ Մէջ

Միհրան Թոմասեան Պարային  Նոր Բեմագրութիւն Մը  Ներկայացուց  Պոլսոյ  Մէջ

Պոլսահայ    ճանչցուած  պարադիր Միհրան  Թոմասեան  օրերս  պարային նոր ներկայացում մը բեմադրած է:  Այս մասին  տեղեկութիւնը  կ'իմանանք Պոլսոյ «Ժամանակ»« օրաթերթէն: Աղբիւրը կը  նշէ, որ Թոմասեանի «Չըփ­լաք ա­յաք­լար քում­փա­նեա­սը»  խումբը Թոփ­հա­նէի իր  աշ­խա­տա­նո­ցին մէջ ե­րէկ ե­րե­կո­յեան պարային նոր ներկայացմամբ մը հանդէս եկած է:  Բեմագրութիւնը  կը  կրէր «Հէր ան հէր շէյ օ­լա­պի­լիր» («Ամէն  պահուն ամէն բան  կրնայ պատահիլ»)   խորագիրը: Կազ­մա­կեր­պիչ­նե­րը այս ձեռ­նար­կը բնու­թագ­րած էին որ­պէս տե­սա­հո­լո­վակ­նե­րով ա­նա­լոկ հա­մերգ մը, ո­րու ըն­թաց­քին նե­րա­կա­յա­ցուե­ցան ինք­նա­բուխ դրուագ­ներ, տե­սա­հո­լո­վակ­նե­րու զու­գա­հեռ։ Յայ­տագ­րին ող­նա­յա­րը կազ­մե­ցին Միհ­րան Թո­մա­սեան, Կիւ­լին Քը­լը­չայ եւ Էօյ­քիւմ Է­լիֆ Էր­տո­ղան։ Ե­րաժշ­տու­թեան պա­տաս­խա­նա­տուու­թիւ­նը ստանձ­նած էր Պար­լաս Թան Էօ­զէ­մէք։ Գե­ղա­րուես­տա­սէր­նե­րը մօ­տիկ հե­տաքրք­րու­թիւն ցոյց տուին այս ու­րոյն ձեռ­նար­կին նկատ­մամբ, ո­րու յայ­տա­գի­րը մագ­նի­սա­ցուց ներ­կա­նե­րու ու­շադ­րու­թիւ­նը։