image
Հրատապ լուրեր:

Ատրպէյճանի մէջ հաւատարմագրուած դիւանագիտական առաքելութիւններու ներկայացուցիչներն այցելած են Լեռնային Ղարաբաղ

Ատրպէյճանի մէջ հաւատարմագրուած դիւանագիտական առաքելութիւններու ներկայացուցիչներն այցելած են Լեռնային Ղարաբաղ

Ատրպէյճանի մէջ հաւատարմագրուած դիւանագիտական առաքելութիւններու ներկայացուցիչները այսօր երկօրեայ այց սկսած են Լեռնային Ղարաբաղ եւ յարակից շրջաններ։ Այս մասին կը հաղորդէ ատրպէյճանական APA գործակալութիւնը։

Ատրպէյճանի նախագահի օգնական Հիքմեթ Հաճիեւի ուղեկցութեամբ այցին կը մասնակցի 58 երկիր եւ 9 միջազգային կազմակերպութիւն ներկայացնող շուրջ 150 հոգինոց պատուիրակութիւն։

Ըստ ատրպէյճանական կողմին՝ դիւանագէտներուն պիտի ներկայացուին Ստեփանակերտի, Շուշիի, Մարտակերտի եւ Քարվաճառի շրջաններուն մէջ իրականացուող շինարարական ու ենթակառուցուածքային ծրագիրները, ինչպէս նաեւ պատմամշակութային յուշարձաններու ներկայ վիճակը եւ անոնց պահպանութեան ուղղութեամբ տարուող աշխատանքները։

Մինչդեռ, ընդամէնը օրեր առաջ, Կովկասի ժառանգութեան մշտադիտարկման միջազգային կեդրոնը արբանեակային լուսանկարներով փաստագրած էր Շուշիի պատմական արեւելեան գերեզմանատան ոչնչացումը։ 12-13-րդ դարերու խաչքարերով եւ պատմական տապանաքարերով տարածքը հողին հաւասարեցուած է, իսկ անոր մէկ հատուածին մէջ այժմ կոյուղատար խողովակաշար կը կառուցուի։