Տիանա Ալթունի անժամանակ կորուստը ցնցած է Պոլսոյ հայկական շրջանակները։
Այս տխուր առթիւ «Արեւելք» կը փոխանցէ իր խորազգաց ցաւակցութիւնները հանգուցեալի բոլոր հարազատներուն ու Պոլսոյ մամուլէն քաղելով կը ներկայացնէ հակիրճ մահագրական մը։
Պոլսոյ Շիշլիի հայահոծ թաղամասի հայկական շրջանակները օրերս ծանր կորուստ մը կրեցին։ Կեանքէն հեռացաւ Շիշլի Մարզական Ակումբի վարչութեան անխոնջ անդամ եւ ատենադպրուհի Տիանա Ալթունը։
Շուրջ տասը տարի Տիանան Ալթուն մասնակից եղած է համայնքային կեանքին ու տեղեկագրած Շիշլի մարզական ակումբի կարեւորագոյն իրադարձութիւնները։ Ակումբի ձեռնարկները, գործունէութիւնը, յաջողութիւններն ու նորութիւնները ան կը փոխանցէր հայ մամուլին՝ մեծ պատասխանատուութեամբ եւ պարտաճանաչութեամբ։ Ան կ՚ուզէր, որ Շիշլիի հայ կեանքը իր արժանի տեղը ունենայ մամուլի էջերուն մէջ։
Վերջին երեք տարիներուն Տիանան կը պայքարէր ծանր հիւանդութեան դէմ։ Չնայած առողջական դժուարութիւններուն՝ ան մինչեւ վերջին շրջանը շարունակեց իր պարտականութիւնները՝ մնալով նոյն աշխատասէր, պատասխանատու եւ ժպտադէմ Տիանան։
Թոքատապը, սակայն, վերջնականապէս յաղթեց երկարատեւ պայքարէն յոգնած մարմնին։
Ան իր ետին կը ձգէ դուստրը՝ Սարին Ինանը, հարազատներ, բարեկամներ եւ Շիշլի Մարզական Ակումբի մեծ ընտանիքը։
Տիանայի մահը նաեւ կորուստ է հայ մամուլին համար։ Տարիներ շարունակ ան եղաւ Շիշլիէն եկող վստահելի ու
«Արեւելք» իր խորին ցաւակցութիւնները կը յայտնէ Սարին Ինանին, Տիանա Ալթունիի հարազատներուն, Շիշլի Մարզական Ակումբի ընտանիքին եւ բոլոր սգաւորներուն։
Հանգչի՛ր խաղաղութեամբ։