image
Հրատապ լուրեր:

Հայ Կաթողիկէ Ռաֆայէլ Մինասեան Կաթողիկոս-Պատրիարքը պատուեց հայազգի լրագրող՝ Ռաֆֆի Սայէղը

Հայ Կաթողիկէ Ռաֆայէլ Մինասեան Կաթողիկոս-Պատրիարքը պատուեց հայազգի լրագրող՝ Ռաֆֆի Սայէղը

Ի նշան այս վաստակին՝ Նորին Ամենապատուութիւնը Ռաֆֆի Սայէղին յանձնեց պատուոյ մետալ մը, որ կը կրէ սուրբ նահատակ Իգնատիոս Մալոյեանի պատկերը։ Մետալը շնորհուեցաւ իբրեւ երախտագիտութեան եւ շնորհակալութեան արտայայտութիւն՝ սրբադասման պատմական գործընթացին հետեւողականօրէն հետեւելու, ինչպէս նաեւ Սուրբ Մալոյեանի կեանքն ու նահատակութիւնը հանրութեան ներկայացնելու համար։

Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքութիւնը լրատուամիջոցներու ներկայացուցիչներուն համար պատուոյ ընթրիք մը կազմակերպեց, որուն ներկայ գտնուեցան Լիբանանի Առաջին Տիկին Նահմաթ Աուն, Լիբանանի տեղեկատուութեան նախարար Փօլ Մըրքոս, ինչպէս նաեւ պաշտօնական եւ լրատուական շրջանակներու շարք մը ներկայացուցիչներ։

Առանձնայատուկ այս երեկոյթին ընթացքին, Հայ Կաթողիկէ Պատրիարք Ամենապատիւ Տ. Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. Մինասեան ի շարս այլ լրագրողներու պատուեց նաեւ հայազգի լրագրող Ռաֆֆի Սայէղը։ Ամեն. Պատրիարքը իր գնահատանքը յայտնեց Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ գործունէութեան, յատկապէս՝ նահատակ Մարտիրոս Եպիսկոպոս Իգնատիոս Մալոյեանի սրբադասման գործընթացին անոր հետեւողական եւ առանձնայատուկ լրատուական լուսաբանման համար։

Պատրիարք Մինասեան բարձր գնահատեց Կաթողիկէ Ուսումնասիրութիւններու եւ Լրատուութեան Կեդրոնին (որուն գլխաւոր պատասխանատուն է Ռաֆֆի Սայէղ) ունեցած բացառիկ եւ աննախընթաց դերակատարութիւնը այս պատմական իրադարձութեան լուսաբանման մէջ։ Ան մասնաւորապէս ընդգծեց Ռաֆֆի Սայէղի ցուցաբերած սէրը, հետաքրքրութիւնն ու նուիրուածութիւնը՝ Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ լուրերը փոխանցելու եւ անոր առաքելութիւնը հանրութեան ծանօթացնելու աշխատանքին մէջ։