image

Մեծ հրդեհ Պէյրութի «Hyundai» ընկերութեան շէնքին մէջ

Մեծ հրդեհ Պէյրութի «Hyundai» ընկերութեան շէնքին մէջ

Երէկ գիշեր մեծ հրդեհ բռնկած է Պէյրութի ծովափեայ մայրուղիին վրայ: Հրդեհը պատահած է մեքենաներու «Hyundai» ընկերութեան կեդրոնէն ներս, ինչի հետեւանքով շէնքի պատերու մէկ մասը  փլած է: Այս մասին կը տեղեկացնէ «Ալ-ժատիտ»ը:


Արտակարգ իրավիճակներու նախարարութեան պաշտօնեաները շտապած են դէպքի վայր եւ փորձած արագօրէն մարել հրդեհը:

Աղբիւրը կը նշէ, որ խուճապային վիճակ ստեղծուած է, որովհետեւ շէնքին կից վառելանիւթի մատակարարման կայան  մը կը գործէ:


Հրդեհը պատճառած է նիւթական մեծ վնասներ, սակայն մարդկային տոյժեր չեն արձանագրուած: