Երէկ գիշեր մեծ հրդեհ բռնկած է Պէյրութի ծովափեայ մայրուղիին վրայ: Հրդեհը պատահած է մեքենաներու «Hyundai» ընկերութեան կեդրոնէն ներս, ինչի հետեւանքով շէնքի պատերու մէկ մասը փլած է: Այս մասին կը տեղեկացնէ «Ալ-ժատիտ»ը:
Արտակարգ իրավիճակներու նախարարութեան պաշտօնեաները շտապած են դէպքի վայր եւ փորձած արագօրէն մարել հրդեհը:
Աղբիւրը կը նշէ, որ խուճապային վիճակ ստեղծուած է, որովհետեւ շէնքին կից վառելանիւթի մատակարարման կայան մը կը գործէ:
Հրդեհը պատճառած է նիւթական մեծ վնասներ, սակայն մարդկային տոյժեր չեն արձանագրուած: