image
Հրատապ լուրեր:

Մեր մարզիկները ոչ միայն ՀԵԸ-ի, այլ հալէպահայութեան պարծանքն են. ՀԵԸ-ի պատասխանատու

Մեր մարզիկները ոչ միայն ՀԵԸ-ի,  այլ հալէպահայութեան պարծանքն են. ՀԵԸ-ի  պատասխանատու

«Արեւելք»ի զրուցակիցն է ՀԵԸ-ի մարզական յանձնախումբի ատենապետ Պրն. Ժագ Հատտատը:


-Հալէպի մէջ, ինչպէս տարբեր ոլորտներ, բնականաբար մարզական կեանքը եւս պատերազմի ազդեցութիւն կրեց , ինչպէ՞ս կը գնահատէք  համայնքի մարզական կեանքը՝ պատերազմի տարիներուն:

Պատերազմի օրերուն Հալէպի մէջ մարզական կեանքը, հակառակ բոլոր դժուարութիւններուն, երբեք չդադրեցաւ, նոյնիսկ յաջողութիւններ գրանցեց: Ես որպէս Հ.Ե.Ը. մարզական յանձնախումբի ատենապետ խօսիմ մեր ակումբի տարած աշխատանքի մասին: Հ.Ե.Ը.ը երեք մարզաձեւի խումբեր ունի՝ ճատրակ, լող եւ պասքէթ: Ճատրակի եւ լողի պարագային, հակառակ մեր ունեցած կորուստներուն, ճատրակի մեր մարզիչը՝ Մեսրոպ Չինչինեանը հրասանդի զոհ դարձաւ, մեր լողորդներէն մէկն ալ՝ Միրէյ Հինտոյեանը նահատակուեցաւ, իսկ մեր Հ.Ե.Ը.-ի «Ուրուպէ» լողաւազանը քանդուեցաւ, սակայն երկու մարզերուն մէջն ալ մեր խաղցողները շարունակեցին միշտ առաջնային դիրքերու վրայ մնալ: Նոյնն էր պարագան նաեւ Պասքէթի պարագային, մեր մարզումները չդադրեցան, այս շրջանին քանի հատ տաղանդաւոր, Սուրիոյ պասքէթին  մէջ իրենց իւրայատուկ տեղը գրաւող խաղցողներ կրցանք պատրաստել, որոնք այսօր ոչ միայն Հ.Ե.Ը.ի, այլ  բոլոր հալէպահյութեան պարծանքն են:

Հիմա, որ համեմատաբար աւելի խաղաղ պայմաններու մէջ կ'ապրինք, մեր պատասխանատուութիւնը շատ աւելի մեծ է, որպէսզի մեր յաղթանակները պահենք եւ աւելի առաջ երթանք: Այս պատասխանտուութիւնը կը գիտակցինք ոչ միայն մենք՝ յանձնախումբի անդամներս, այլ մեր անդամներն ու անոնց ծնողները:


-ՀԵԸ-ի պասքէթի ակումբը ինչպիսի՞  դժուարութիւններ դիմագրաւեց այս շրջանին եւ այդ դժուարութիւններու յաղթահարման համար ինչպիսի՞ միջոցներ գործի դրուեցան:

Գալով Պասքէթի խումբերուն, մեր միութիւնը ի տարբերութիւն Հալէպի միւս ակումբներուն, առաւելութիւն մը ունեցաւ՝ Հ.Բ.Ը.Մ.-ի նոր կեդրոնի մէջ գտուող մարզադաշտը գետնայարկ ըլլալով, փակ դաշտ էր, ուստի փորձերը հանգիստ եւ ապահով ձեւով կրցանք շարունակել, բացի կարճ շրջանէ մը, երբ պատերազմական վիճակին վարժ չէինք, քանի մը ամիսով դադրեցուցինք փորձերը, սակայն ետքը վերակազմաւորեցինք մեր տղոց եւ աղջկանց տարիքային բոլոր խումբերը եւ բնականոն կերպով անցանք մեր մարզումներուն: Անշուշտ այս մէկուն մէջ մեծ դերակատարուն ունեցաւ ե՛ւ մարզական յանձնախումբի անդամներու հետամուտ ըլլալը, ե՛ւ Հ.Բ.Ը.Մ.-ի օժանդակութիւնը, որ նոյնիսկ այն օրերուն, երբ վարելանիւթը դժուար կ'ապահովուէր քաղաքին մէջ, ակումբը ապահովեց ջերուցմամբ եւ ելեկտրականաթեամբ եւ այդպիսով մեր խումբերը հնարաւորութիւն ունեցան առտուընէ մինչեւ գիշեր ժամը 9-ը մարզուիլ:

Սակայն այս բոլորի կողքին անշուշտ դժուարութիւններ ալ դիմագրաւեցինք, յատկապէս մեծ տարիքի տղոց խումբի պարագային, ուր հասկնալի պաճառներով ճամբորդող եւ քաղաքէն հեռացող մեր հիմնական խաղցողներու թիւը շատ մեծ եղաւ, աղջիկներու պարագային այդքան չէր, սակայն ակումբը իր դիրքերը չզիջեցաւ, պատանի տարիքի խումբէն տղաք ներգրաւեցինք մեծերու խումբին մէջ եւ այդպիսով այդ տղաքը մեծ խումբերու դէմ խաղալով, աւելի մեծ փորձառութիւն ձեռք ձգեցին: 

Իսկ աղջկանց խումբի պարագային այդպիսի հարցեր չունեցանք, անոր համար ալ յաջողութիւնները աւելի ակներեւ դարձան, միշտ առաջնային դիրքերու վրայ գտնուեցանք, նաեւ ամիսներ առաջ, Սուրիոյ ախոյանութիւնը շահեցանք:

Կարեւոր կէտ մը կայ, որ հպարտութեամբ կ'ուզեմ նշել մեր խումբերուն մասին, ինչպէս միշտ, պատերազմի տարիներուն եւս, բոլոր մրցումներուն մեր  մարզիկները միշտ աչքի կիյնային իրենց խաղի մակարդակով, մարզական ոգիով, օրինապահութեամբ, նոյնիսկ գեղեցիկ տարազներով,  միշտ դրուատիքի խօսքեր լսած ենք,  մեզի կ'ըսէին՝ դուք ուրիշ էք, ասի մեր հայութեան եւ մեր միութեան՝ ՀԵԸ-ի համար  շատ մեծ  պարծանք է, մանաւանդ երբ օտարները այդպէս կը գովաբանեն մեզի:


-Շատ ոգեւորող եւ գնահատելի էր անցեալ տարի Հ.Ե.Ը.-ի կարգ մը խաղցողներու մասնակցութիւնը Հայաստանի հաւաքականի խումբի խաղերուն, նման համագործակցութիւն կը շարունակուի հայրենիքի հետ:

Հայաստանի հաւաքականի հետ Հ.Ե.Ը.-ի կապը սկիզբ առաւ 2015-ին, համահայկական խաղերու ժամանակ: Հ.Ե.Ը.-ի անդամներու բարձր մակարդակի խաղը չէր վրիպած Հայաստանի  ֆէտերասիոնի պատասխանատուներու ուշադրութենէն: Անոնք տարբեր տարիքային խումբերու Հայաստանի հաւաքական մը կազմելու նպատակ ունէին  եւ այդպիսով յաջորդ տարի՝ 2016-ին կապ հաստատեցին մեր հետ եւ մեր լաւագոյն խաղցողներէն Աննա Ասլանեանին հրաւիրեցին, որպէսզի Հայաստանի հաւաքականի կրտսեր խումբին հետ մասնակցի Եւրոպայի երկրորդ մակարդակի խումբերու ախոյանութեան: Աննան գնաց եւ լաւապէս արդարացուց իր մասնակցութիւնը եւ մեր ակումբի՝ ՀԵԸ-ի ջանքերը:  Այս յաջող փորձէն ետք, վստահելով մեր ակումբի մակարդակին, այս անգամ տղոց խումբէն հրաւիրեցին այժմ ՀԵԸ-ի աստղ՝ Միհրան Ներսէսին, որպէսզի Հայաստանի հաւաքականին հետ մասնակցէր (-18) տարիքի Եւրոպայի երկրորդ մակարդակի խումբերու ախոյանութեան, Միհրանը նոյնպէս լաւ արդիւնք տուաւ, եւ այդպիսով անցեալ տարի մեզմէ երեք խաղցողներ խնդրեցին՝ Ռիթթա Նահի, Նաթալի Նաճարեան եւ Աննա Ասլանեան, երեքն ալ գացին, մրզուեցան, սակայն դժբախտաբար դէպի Եւրոպա վիզա ստանալու հարց ունեցան եւ չկրցան մասնակցիլ: Այս տարի դարձեալ նոյն երեք խաղցողները հրաւիրուած են Հայաստանի հաւաքականի մրցումներուն մասնակցելու եւ յոյս ունինք որ  լաւ ձեւով պիտի ներկայացնեն նախ Հալէպը, յետոյ՝ Հ.Ե.Ը.-ը:


- Այսօրուան այս խաղաղ պայմաններուն մէջ մարզական ակումբներուն ի՞նչ դեր կը վերապահուի, համայնքի երիտասարդութեան կենաքէն ներս ի՞նչ առաքելութիւն պէտք է ունենայ:

Բոլորս գիտենք, թէ պատերազմի պայմաններուն մէջ ինչպիսի արատաւոր երեւոյթներ կը սկսին գլուխ ցցել ընկերային կեանքէն ներս, յատկապէս երիտասարդ խաւի մօտ վարքային շեղումներ նկատելի կը դառնան՝ թմրանիւթի օգտագործում, գողութիւն եւայլն, սակայն հայկական համայնքը մեծ տոկոսով միշտ յաջողած է զերծ մնալ այսպիսի երեւոյթներու թափանցումէն՝ շնորհիւ իր համայնքային սկաուատական եւ մարզական շարժումներուն եւ իմ կարծիքով այս է հիմնական ամենակարեւոր առաքելութիւնը եւ մենք որպէս Հ.Ե.Ը., ոչ մէկ ջանք խնայեցինք, որպէսզի երիտասրդական շարժումը իր բոլոր ճիւղերով շրունակէ ակումբ յաճախել, նոյնիսկ փորձի ժամերէն դուրս գան մարզուին եւ դաշտը իրենց սիրելի վայրը դառնայ:

Որպէս վերջին խօսք ըսեմ, որ մենք իբր մարզական յանձնախումբ «առողջ միտք, առողջ մարմին»  նշանաբանով առաջնորդուելով պիտի շարունակենք նոր սերունդին մարզանքը սիրցնելու մեր գործը, քանի որ շատ լաւ գիտենք այդ աշխատանքի կարեւորութիւնը: Կ'ուզեմ շնորհակալութիւն յայտնել յատկապէս Հ.Բ.Ը. Միութեան եւ բոլոր անոնց, որոնք կ'օգնեն եւ սատար կը կանգնին այս մարզական շարժումը առաջ տանելու գործին մէջ: