image
Հրատապ լուրեր:

Մեր կարծիքը Լիբանանի մասին՝ Հըզպալլա=Լիբանան. Իսրայէլացի նախարար

Մեր կարծիքը  Լիբանանի մասին՝  Հըզպալլա=Լիբանան. Իսրայէլացի նախարար

Իսրայէլի Կրթութեան նախարար Նաֆթալի Պենէթ կարծիք յայտնած է, որ լիբանանեան ընտրութիւններուն «Հըզպալլա»ի յաղթանակը կը բացատրուի անով, որ այնտեղ տարբերութիւն չկայ կառավարութեան եւ Իրանի կողմէ հովանաւորուող շիիթ խմբաւորման միջեւ, միաժամանակ նշելով, որ Իսրայէլ իր ապագայ գործողութիւններու ծիրին մէջ պէտք չէ այդ երկուքը տարբերէ իրարմէ:

«Ռօյթըրզ» լրատուական գործակալութեան փոխանցմամբ, Պենէթ իր թուիթըրեան էջին հետեւեալ գրառումը կատարած է. «Հըզպալլա = Լիբանան»:

Այնուհետեւ աւելցուցած է, որ յետ այսու Իսրայէլ պիտի չտարբերէ ինքնիշխան Լիբանանը «Հըզպալլա»էն, եւ երկրէն ներս տեղի ունեցող իւրաքանչիւր գործողութեան պատասխանատուոթիւնը պիտի բարդէ Լիբանանի կառավարութեան վրայ: