Նիւ Եորքի մէջ երէկ գրանցուած միջադէպին զոհ գացած են անձեր: Այս մասին լուրը տրուած է Sky News-ի կողմէ: Աղբիւրը նաեւ կը յայտնէ, որ կասկածեալ անձ մը բեռնատար կառքով «քշած է» Մէնհէթընի փողոցներէն անցնող խումբ մը մարդոց ուղղութեամբ եւ պատճառ դարձած 8 անձերու սպաննութեան:
Մեղադրեալը յաջողած է խոյս տալ, մինչ ոստիկանութիւնը կը շարունակէ իր հետախուզական աշխատանքները:
Կը հաղորդուի նաեւ, որ զոհերուն մէջ կան օտարերկրացիներ:
Յիշեցնենք, որ երէկ ուշ երեկոյեան արագ տրուած լուրով մը «Ռօյթըրզ» լուր հաղորդած էր նշեալ դէպքին մասին ըսելով, որ տեղի ունեցածը կրակոց է: