«Արեւելք»ը հիմնադրուեցաւ Յունիս 2015-ին: Այսօր մենք հիմը դրինք «Արեւելք»-Պլոկ բաժնին: Հոն տեղ պիտի գտնեն Հայաստանի եւ սփիւռքի հայութիւնը, առհասարակ մարդկութիւնը յուզող հիմնական հարցերը: Ցարդ ունինք հինգ հեղինակներ եւ ի մօտոյ մեզի կը միանան այլ գրողներ: Իւրաքանչիւր հեղինակ գլխաւոր թեմայի մը մասնագէտ-գրողն է: Կարգ մը պարագաներու ալ մասնագիտութենէն անդին արժեւորած ենք կարծիք ձեւաւորելու, ըսելիք ունենալու, անկեղծ գնահատականներ տալու եւ վերլուծութիւններ ընելու հիմնարար մօտեցումը: Մեզի համար «կարմիր գիծ» է անհատական վիրաւորանքներ տալու եւ հարցերը անձնականացնելու գրելաոճը: Այդպէս է, որովհետեւ առաջին օրէն կը հաւատանք «մաքուր եւ անկեղծ» հրապարակախօսութեան:
Այստեղ պարտք կը համարենք շնորհակալութիւն յայտնել «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան հայկական բաժանմունքի տնօրէնութեան, առանց որու նեցուկին եւ ցուցաբերած շօշափելի օժանդակութեան դժուար թէ իրականութիւն ըլլար մեր երազը:
Բարի ընթերցում բոլորիդ:
«Արեւելք» լրատուական
