image

Մէկ շաբթուան ընթացքին հակառակորդը հրադադարի ռեժիմը խախտած է շուրջ 200 անգամ

Մէկ շաբթուան ընթացքին հակառակորդը հրադադարի ռեժիմը խախտած է շուրջ 200 անգամ

26 Յունուարէն 1 փետրուար ինկած ժամանակահատուածին արցախա-ատրպէյճանական հակամարտ զօրքերու շփման գօտիին վրայ հակառակորդը խախտած է հրադադարի պահպանման ռեժիմը շուրջ 200 անգամ` տարբեր տրամաչափի հրաձգային զինատեսակներէ հայ դիրքապահներու ուղղութեամբ արձակելով աւելի քան 1150 կրակոց: Այս մասին կը հաղորդէ ԱՀ ՊՆ մամուլի ծառայութիւնը:

ՊԲ առաջապահ զօրամասերը լիակատար վերահսկողութիւն կը պահպանեն առաջնագիծին եւ կը շարունակեն անհրաժեշտ քայլեր ձեռնարկել մարտական դիրքերու պահպանութիւնը յուսալիօրէն կազմակերպելու համար: